Հայ իրականութեան մէջ իր յարգուած տեղն ու դերը ունեցող ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ՝ ՌԱԿ-ի շուրջ ներքին խմորումները կը շարունակուին։
Յարգելով կարծիքի ազատութիւնը եւ այդ առումով «Արեւելք»ի որդեգրած սկզբունքներն ու մօտեցումները ստորեւ կը ներկայացնենք մեր մամուլի յարգելի ներկայացուցիչներէն ՝ «Պայքար» շաբաթաթերթի ճակատին օրերս ներկայացուած ակնարկ-տոմսը։
Միեւնոյն ժամանակ յոյս փայփայելով, որ կուսակցութեան մէջ առկայ խնդիրները շուտով կը լուծուին ու պատմակերտ անցեալ ունեցող այս վաւերական կազմակերպութիւնը շուտով կը վերադառնայ եւ այս անգամ, որպէս մէկ ու միասնակամ մարմին իր մշտանորոգ առաքելութեան։
Նախորդ տարուան Դեկտեմբեր ամսուն ՌԱԿի միասնականութեան նախաձեռնող ղեկավարներու խումբը հաղորդագրութեամբ մը հրաւիրեց ՌԱԿի բոլոր նախկին ղեկավարները խորհրդակցական հանդիպումի մը` վերականգնելու համար կուսակցութեան միասնականութիւնը, որ խախտած էր վերջին տարիներուն:
ՌԱԿը իր հիմնադրութեան օրէն ազգային քաղաքական կշիռ ունեցած է սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, միեւնոյն ատեն զսպելով զարտուղի եւ հակահայրենասիրական շարժումները: Սակայն, կարգ մը բախտախնդիրներու եւ տարբեր շրջանակներէ թափանցած տարրերու գործունէութեան հետեւանքով խափանուած ու խոչընդոտուած է անոր հայրենանուէր առաքելութիւնը, մանաւանդ այն պահուն երբ օրհասական ճակատագրի մը առջեւ կը գտնուի հայրենիքը:
Այդ վերահաս աղէտին դիմաց անտարբերութիւնն ու անմիաբանութիւնը ոճիրի համապատասխան զանցումներ են, զորս ոչ մէկ ազնիւ հայ պիտի ուզէր ստանձնել:
Այսպիսի ճակատագրական իրականութենէ մը առաջնորդուելով ի մի համախմբուեցան ՌԱԿի առաջնորդող դիրքերուն վրայ ղեկավար դեր կատարած կուսակցականներ` կազմակերպութիւնը վերականգնելու եւ զայն աւանդական ուղիին վերադարձնելու յանձնառութեամբ:
Միասնականութեան ճամբան հարթելու համար որդեգրուեցան որոշ նախադրեալներ. ա) խուսափիլ անցեալի դէպքերու անդրադառնալէ, բ) վերանորոգել կուսակցութեան կառոյցները, որոնք կորսնցուցած էին իրենց օրինականութիւնը` վերջին տասնամեակներուն հեռացած ըլլալով կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագրէն. գ) ձեռք-ձեռքի տալ, առանց անհատական վերապահութիւններու, դ) եւ նպատակ ունենալ միայն կուսակցութեան միասնականութեան վերահաստատումը, առանց պաշտօններ եւ աթոռներ փնտռելու կամ գրաւելու:
Նախկին ղեկավարներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը համաձայն գտնըւեցաւ առաջադրուած նպատակներուն, հակառակ որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարակարծութիւններ ունեցած էր անցեալին: Շրջանցելով բոլոր տարակարծութիւնները – որոնք կը շարունակուէին ոմանց մօտ – բոլորը որոշեցին յարիլ միակ նպատակի մը` որ կուսակցութեան միասնականութիւնն էր:
Ղեկավարութիւնը նկատի ունենալով համավարակը, խորհրդակցութիւնները կայացուց հեռակայ կերպով (zoom). աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն ստացուեցան զօրակցութեան կոչեր, որոնք ոգեւորեցին նախաձեռնողները շարունակելու միարարութեան գործը եւ նախաձեռնելու խորհրդակցական ընդհանուր հանդիպումի մը ուր ընտրուի առաջնորդող մարմին մը (steering committee) պատրաստելու նոր ժամանակներուն պատշաճ, սփիւռքի եւ հայրենիքի նոր կառոյցներունհամապատասխանող ծրագիր-կանոնագիր մը, որով պիտի առաջնորդուին ապագայ գործընթացները:
Ղեկավարներու առաջին յայտարարութեան մերժեց միանալ միայն Մայք Խարապեան, պատճառաբանելով որ ինք առարկութիւն ունի կարգ մը ղեկավարներու հետ գործակցելու: (համախմբումին պայմանն էր ոչ մէկ անձնական առարկութիւն): Խարապեանի մերժումը կը բացատրուի անով որ ինք ստորակայութեան զգացումով կը տառապի միւս ղեկավարներուն կողքին:
Մայք Խարապեան, իր շուրջ համախմբուած կարգ մը ողորմելիներու անունով, ի պատասխան միասնականութեան կոչին, հրապարակ հանեց 15 էջնոց լպիրշ հայհոյանքներու, զրպարտութիւններու քարշելի հաղորդագրութիւն մը, որ աւելի կը դրսեւորէր զայն ստորագրողներուն դիմագիծն ու հոգիին կեղտը: Այդ հաղորդագրութեան թուղթին վրայ երեւցող անուններէն շատեր յայտնեցին թէ մասնակից չեն եղած այդ կեղտի պատրաստման կամ հրապարակման, սակայն նուազագոյն արիութիւնը չունեցան հրապարակաւ յայտնելու իրենց դիրքը, ինչ որ մեղսակից կը դարձնէ զիրենք այդ անբարոյութեան:
Մինչեւ մօտաւոր անցեալ ի զօրու էր այն համոզումը որ Խարապեանի եւ ՌԱԿի այլ շրջանակներուն տարակարծութիւնները չունէին սկզբունքային հիմք այլ մղուած էին անձնական հակառակութեանց ու վարչական խնդիրներու վրայ: Սակայն վերջին շրջանին կատարուած արարքները պարզեցին որ Խարապեան եւ իր համհարզները նաեւ կը գործեն սկզբունքային դաւաճանութիւններ. օրինակ ՌԱԿի աւանդական սկզբունքն է պաշտպանել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գերակայութեան սկզբունքը, մանաւանդ երբ տակաւին կը շարունակուի պառակտումը Հայց. Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ եւ Անթիլիասը կը հակադրուի Մայր Աթոռին. այս պայմաններուն ներքեւ դաւաճանական ստորին արարք էր Խարապեանի ստորագրութեամբ հրապարակուած զազիր պարսաւը Ամենայն Հայոց Հայրապետին դէմ: Մեր կորովի ղեկավարներուն` Գերսամ Ահարոնեանի եւ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի ոսկորները պիտի խլրտին գերեզմանին մէջ այս խարդաւանքին պատճառաւ:
Խարապեան եւ իր մանկլաւիկները, չկարենալով վարկ գտնել ՌԱԿի անդամակցութեան մօտ` որոշած են այդ ՙվարկ՚ը ապահովել տեղի-անտեղի գործակցելով Դաշնակցութեան հետ:
ՕՐ ՆՈՐ, ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆ ՆՈՐ
Խարապեանի գլխաւորած անգոյ ՙԿեդրոն՚ը, որոշած է Յունիս 22ին Հայաստանի մէջ խորհրդակցութիւն կայացնել եւ պարտիզագնացութիւն մը կազմակերպել Ազգային Ժողովի կողքին գտնուող պարտէզին մէջ: Այս խմբակը այնքան յուսահատ է որ փոխանակ պարզ հրաւէր մը ղրկելու որոշած է ՙվաստակաւոր՚ի վկայականներ բաշխել: Այդ վկայականներու խոստումը ղրկուած է նոյնիսկ ... ոչ կուսակցականներու ՙգնահատելու համար Ձեր վաստակը ՌԱԿի շարքերուն մէջ՚: Չենք գիտեր ո՛վ կարեւորութիւն կու տայ այդ թուղթի կտորներուն. սակայն եթէ կայ մէկը որ լուրջի կ'առնէ նման խեղկատակութիւն մը` պէտք է հարց տայ թէ ո՞վ է այդ թուղթը ստորագրողը: Եթէ պարզուի որ այդ ստորագրութեան տէրը ՌԱԿի շարքերէն վտարուած խեղկատակ մըն է, այդ թուղթին արժէքն ալ կը սահմանուի այդ կատակերգութեամբ:
Կասկած չունինք որ քանի մը անլուրջ մարդիկ ճանապարհածախսի դիմաց մեկնին Երեւան, օգտուելու համար պատկեր քաշուելու պատեհութենէն. պէտք է այդ տարրերը անդրադառնան որ իրենց թեթեւսօլիկ արարքով կը շարունակեն սատարել կուսակցութեան պառակտումին:
***
Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի համախմբուած է կուսակցութեան ներոյժը: Մանաւանդ միասնականօրէն կը գործէ ՌԱԿի ամբողջ մամուլը, բացի ՙկեդրոն՚ին ենթակայ ՙՆոր Օր՚էն, որ անտէր եւ անդիմագիծ կը շարունակէ պարբերաբար լոյս տեսնել ՙՄեծ ղեկավար՚ին լուսանկարը հրատարակելու սրբազա՜ն առաքելութեամբ:
Ոյժեղ եւ հեղինակաւոր է ՌԱԿի աշխարհատարած մամուլը: Այսպէս, միասնական կը գործեն հետեւեալ հրատարակութիւնները - ՙՊայքար՚, ՙԶարթօնք՚, ՙԱրեւ՚, ՙՆոր Աշխարհ՚, ՙԱպագայ՚, ՙՍարտարապատ՚, ՙԱզգ՚ եւ ՙThe Armenian Mirror-Spectator՚:
Մեր համատարած շարքերը որոշած են վերջապէս միացնել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը` Խարապեանով կամ` առանց Խարապեանի. եւ մանաւանդ` առանց Խարապեանի եւ իր վարկաբեկուած պոչերուն: