image

Քուէյթ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ Զօպուեան Առաջին Անգամ Ըլլալով Եպիսկոպոսական Խոյրով Պատարագ Մատուցեց

Քուէյթ.  Տ.  Մասիս Ծ. Վրդ Զօպուեան Առաջին Անգամ Ըլլալով  Եպիսկոպոսական Խոյրով Պատարագ Մատուցեց

Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ Յունուար 6, 2016 ի օրը, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ շրջափակը լեցուած էր հաւատացեալներով, որոնք եկած էին հաղորդուելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի ծննդեան եւ աստուածայայտնութեան տօներուն հետ:

Հանդիսաւոր պատարագը, առաջին անգամ ըլլալով, եպիսկոպոսական խոյրով մատուցեց, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանը, որ քանի մը օրեր առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսէն, որպէս Թեմիս Առաջնորդը, ստացած էր եպիսկոպոսական խոյր կրելու յատուկ պարգեւը: Իր Քարոզին մէջ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդին: Յաւարտ սուրբ պատարագի, տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կնքահայրութեամբ Արմենակ Հինտոյեանի: Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Քուէյթի հայ համայնքի ազգային բոլոր կառոյցները:

Պատարագէն ետք Առաջնորդարանի Արարատ սրահին մէջ, Առաջնորդ Հայր Սուրբին շնորհաւորութեան եկան բազմաթիւ օտար հիւրեր, քոյր եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ, դեսպաններ եւ Քուէյթցի մեծ ընտանիքներու բարեկամ անձնաւորութիւններ: Ինչպէս նաեւ այս առթիւ Հայր Սուրբը երկրիս Իշխանի պալատէն եւ շրջանիս նահանգապետէն եւ այլ անձնաւորութիւններէ ստացաւ շնորհաւորական նամակներ: Հաւատացեալներու բազմութիւնը գոհունակ սրտով եւ Փրկիչին ծննդեան հոգեւոր բարիքներով զօրացած ու լիցքաւորուած վերադարձան իրենց տուները:Յիշենք որ յաջորդող օրերուն Քուէյթի մամուլը իր էջերուն մէջ անդրադարձաւ հայրու Ս. Ծննդեան պատրագին: