Զօրավար-լեյտենանտ Ճէյմի Սփէյսըր-Պլանշեթ կը դառնայ Գանատայի ռազմաօդային ուժերու հրամանատարի պաշտօնը գրաւող առաջին կինը։ Այս մասին յայտնած է Գանատայի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
«Զօրավար-լեյտենանտ Ճէյմի Սփէյսըր-Պլանշեթ կը դառնայ Գանատայի ռազմաօդային ուժերու 22-րդ հրամանատարը եւ առաջին կինը, որ կը գրաւէ այդ պաշտօնը»,- ըսուած է գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ։