Երեւանի Արաբկիր շրջանի Կրիբոյեդով փողոցէն յատուկ հանդերձանք կրող բժիշկներ հիւանդանոց փոխանդրած են մի քանի քաղաքացիներ, որոնց մօտ «Քորոնա» վարակ ըլլալու վերաբերեալ կասկածներ կան։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է «Շամշեան» կայքը նշելով նաեւ, որ կասկածեալները տարուած են յատուկ վայր մը, ուր բոլոր պէտքական յարմարութիւնները կան։
Ինչպէս աւելի վաղ «Արեւելք» հաղորդած էր, այս առաւօտ ՀՀ վարչապետը գրառում մը կատարելով հաղորդած էր Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած առաջին հիւանդի գոյութեան մասին եւ վերջինս Երեւան ժամանած էր Թեհրանէն։