Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեան, օրերս, հանդիպում մը ունեցած է Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տեքոթինյիի հետ։
Տեսակցութիւնը տեղի ունեցած է Երեւանի Ֆրանսական դեսպանատան մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպանը ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը տեղեկացուցած է, որ իրեն համար պատիւ եղած է ընդունիլ ֆրանսահայոց թեմակալ առաջնորդը։
Ըստ երեւոյթին, սա եղած է քաղաքավարական հանդիպում մը։ Զրոյցի բովանդակութեան շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդուած։