image

«Քորոնա»ի հետեւանքով երկրորդ ծննդկան մը հոգին աւանդած է

«Քորոնա»ի հետեւանքով երկրորդ ծննդկան մը հոգին աւանդած է

Երէկ COVID-19-էն եւս մէկ ծննդկան մահացած է: Այս մասին յայտնած է առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը:

«COVID-19-ի դէմ պատուաստանիւթերը անվտանգ են յղութիւն ծրագրողներու եւ յղիներու համար. COVID-19-ի դէմ պատուաստանիւթերը կը պաշտպանեն յղիները:

Ցաւօք, երէկ COVID-19-էն եւս մէկ ծննդկան մահացած է: Եւ չնայած մեր մասնագէտներու գործադրած հսկայական ջանքերուն, չյաջողեցան փրկել երիտասարդ կնոջ կեանքը», յայտնած է Աւանէսեան: