image
Հրատապ լուրեր:

Քրտամէտ HDP-ն Կորսնցուց Մէկ Միլիոն Ձայներ Եւ 21 Աթոռներ Թուրքիոյ Մէջ

Քրտամէտ HDP-ն Կորսնցուց  Մէկ Միլիոն Ձայներ Եւ 21 Աթոռներ Թուրքիոյ Մէջ

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Անգարա) Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, «Ժողովուրդներու   Տէմոքրաթական»   կուսակցութիւնը ՝HDP-ն կորսնցուցած է մօտ մէկ միլիոն ձայներ  անցող Յունիսի գլխաւոր ընտրութիւնէն ի վեր, ըստ Կիրակի օրուան վերընտրական արդիւնքներուն:Կուսակցութիւնը Կիրակի օր ստացած է 5.059.392 ձայներ, բաղդատելով 7 Յունիսի 6.057.500 ձայներուն:Քուէարկութեան 99.18 % հաշուած ձայները, բաղդատելով «Արդարութիւն եւ Զարգացում»  (AKP) կուսակցութեան 49.38 % ձայներուն, որուն արդիւնքով     իշխող  կուսակցութիւնը  ստացաւ 550 աթոռներունեցող  խորհրդարանի  ՝316   աթոռները:Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը (CHP) ստացած է 25.41% (134) աթոռ, Ազգային Շարժում կուսակցութիւնը (MHP)ն ստացած 11.94% (41) աթոռ, իսկ HDP-ն ապահոված 10.69 % (59) աթոռներ:Յունիսի ընտրութեան ընթացքին HDP-ն առաջին անգամ ըլլալով անցաւ 10%ը եւ հասաւ 13.07% սեմին, ստալով 80 աթոռ:Պոլսոյ մէջ HDPի աթոռներուն թիւը 10էն 7-ի հասան: Նաեւ AK կուսակցութենէն ետք, գրաւեց երկրորդ տեղը հիւսիսային նահանգներ Կարսի եւ Արտահանի մէջ, ուր առաջին տեղը գրաւած էր Յունիսին:Պարզուած պատկերը 85.69% էր երկրի տարածքին: Նախնական արդիւնքները հրապարակուեցան տեղական ժամով ժամը 7ին կէսօրէ ետք:Աւելի քան 54 միլիոն ընտրելու իրաւունք ունեցող թուրքեր, մասնակից կրնան ըլլալ Ազգ. Ժողովի անդամ 550 պատգամաւորներու ընտրութեան քուէարկութեան: