image

Թուրքիոյ մէջ համազգային «սուգի օր» յայտարարուած է

Թուրքիոյ մէջ համազգային «սուգի օր» յայտարարուած է

Թուրքիոյ մէջ մէկօրեայ համազգային սուգ յայտարարուած է, յայտնած է  Anadolu գործակալութիւնը:

Սուգը կապուած է նախօրէին Պոլու նահանգի լեռնադահուկային հանգստավայրի հիւրանոցին մէջ բռնկած հրդեհի հետեւանքով 76 մարդու զոհուելու հետ:

Սուգի առնչութեամբ երկրի ամբողջ տարածքին դրօշները իջեցուած են։

Նախօրէին ՀՀ ԱԳՆ-ն X-ի իր էջին ցաւակցութիւն յայտնած է Թուրքիոյ։ 

«Խորապէս վշտացած ենք Բոլուի ողբերգական հրդեհից, որը տասնեակ կեանքեր է խլել։ Մեր մտքերը զոհերի եւ նրանց ընտանիքների հետ են: Վիրաւորներին մաղթում ենք շուտափոյթ ապաքինում»,-ըսուած է հրապարակման մէջ։