image

«Քրիստոնեային կեանքը լուսաւորող արահետ...» Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի «Մեծ Պահքի պատգամը»

«Քրիստոնեային կեանքը լուսաւորող արահետ...» Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի «Մեծ Պահքի պատգամը»

Օրերս Քրիստոնէական մեր կեանքին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Մեծ Պահքի օրերը պիտի թեւակոխենք։

Այս առթիւ Հայց. Եկեղեցւոյ արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան պատրաստած է ամէնամեայ «Մեծ պահք»ի ուղերձը։

Ստորեւ «Արեւելք»-ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ ուղերձը՝ 

Մեծ Պահքի խորհուրդը քրիստոնէութեան մէջ արձանագրած է մասնայատուկ նշանակութիւն, հիմք ունենալով Քրիստոսի կեանքի օրինակ: Բաւական է հետևիլ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ընթացքին, եւ ապա այն ժամանակ խորագոյնս կ’ըմբռնենք, որ Պահքը և ի մասնաւորի Մեծ Պահքը հոգևոր ճանապարհորդութիւն մըն է, որուն ամբողջ տևողութիւնը քրիստոնեայի կեանքը կ’առաջնորդէ դէպի Աստուած: Պարզ խօսքով Պահքը, որուն համազօր արժէք ունի նաև աղօթքը, մեզ կը մօտեցնէ առ Աստուած:

Պահքի աւանդութիւնը արձանագրուած է հին Ուխտին մէջ, ապա նոյնը իր լրումին կը հասնի Քրիստոսի կեանքո՛վ մարմնաւորուած: Քրիստոս իր Երկրաւոր կեանքը սկսաւ Պահեցողութեամբ ու աղօթքով, մկրտութենէ անմիջապէս յետոյ, երբ առանձնացաւ անապատի մէջ, իր Անձին օրինակովը հաստատեց դէպի մաքրութիւն տանող հոգևոր ճանապարհորդութիւնը իւրաքանչիւրի կեանքին համար։

Քրիստոնեային կեանքը լուսաւորող հոգևոր մարզանք մըն է պահեցողութիւնը՝ աղօթքով առաջնորդուած: Բանանք Աւետարանները և այնտեղ պիտի գտնենք պատգամներ, որոնք պարզօրէն կը բացատրեն պահեցողութեան ու աղօթքի կարևորութիւնը մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին: Ուրեմն հետևինք Քրիստոսի, և Մեծ Պահքի քառասնօրեայ հոգևոր ճանապարհորդութեան մէջ մնանք, որպէսզի ճաշակենք մեր ներաշխարհին պայծառակերպութիւնը, որովհետև Աստուած կը բնակի լուսաւոր էութեան մէջ:

Մեծ Պահքի հոգևոր ճանապարհորդութեան նպատակը բարի է, քանզի մեր մէջ կը մշակենք Քրիստոնէական նկարագիրը, Աստուծոյ սիրովն ու իմաստութեամբ ապրելու, ներողամտութեան ոգին արմատաւորելու մեր մէջ, և ամէնէն էականը՝ կատարելու համար խոստումը դառնալու նոր Մարդ ի Քրիստոս: Քանզի դժուար թէ խորապէս կարողանանք ըմբռնելու Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը առանց մեր մէջ տարածելու սրբութեան գիտակցութիւնը, հաւատքի անկշռելի տարողութիւնը:

Սիրելի հաւատացեալ, բարի երթ քեզ: Քայլերդ առաջնորդէ դէպի Աստուած:

 

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Փետուար 2024