Ազգային Ժողովի նախագահի խօսնակ Ծովինար Խաչատրեանի հաղորդմամբ՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նիստին քննարկուած են բացառապէս պետականաշինութեան առնչուող հարցեր։
«Ազատութեան» դիտարկման՝ արդեօք քննարկուած է Ալեն Սիմոնեանի արարքը, երբ քաղաքացին ահազանգած էր, թէ թքած է իր դէմքին, երբ Սիմոնեանին դաւաճան ըսած է, կամ ատոր յաջորդած զարգացումները, խօսնակը բացասական արձագանգած է։
Նշենք, որ մամուլի մէջ լուրեր կը շրջանառուէին, որ կուսակցութեան վարչութեան նիստին խորհրդարանի ղեկավարին առնչուող հարցը պիտի քննարկուի։