Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեանը յունուար 19-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ամալ Աֆիֆին։
Ինչպէս կը տեղեկանանք ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Հայաստանի աշխատաշուկայ մուտքի ընթացակարգերուն առնչուող շարք մը հարցեր․ դիտարկուած է Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ աշխատուժի շարժունակութեան կարգաւորման վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրման հնարաւորութիւնը։
Արսէն Թորոսեան անդրադարձած է նաեւ երեխաներու, աւագ սերունդի եւ կանանց հիմնահարցերու ոլորտներու մէջ Եգիպտոսի հետ հետագայ համագործակցութեան խորացման՝ նշելով, որ երկու երկիրները կրնան հանդէս գալ համատեղ ծրագիրներով։
Հանդիպման աւարտին ընդգծուած է համատեղ աշխատանքները շարունակելու կարեւորութիւնը՝ ընկերային պաշտպանութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան ընդլայնման եւ նոր նախաձեռնութիւններու մշակման նպատակով։
