Հայաստանի քննչական կոմիտէն քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս քննչական գործողութիւններ կատարած է Հայաստանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ։
Այդ մասին յայտնած են ՀՀ քննչական կոմիտէէն՝ այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդելով։
«Քրէական վարոյթի շրջանակում կատարւում են անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ»,- հաղորդած են ՀՀ քննչական կոմիտէէն։
Աւելի վաղ Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեանը «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին գրած էր, որ ՀՀ քննչական կոմիտէն քննչական գործողութիւններ կ՚իրականացնէ Հայաստանում ԼՂ ներկայացուցչութենէն ներս։