Ուքրանիոյ չէզոք կարգավիճակը թոյլ կու տայ դադրեցնել հակամարտութիւնը Ռուսիոյ հետ: «Ռիա Նովոստի»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին իր նոր գիրքին մէջ գրած է ԱՄՆ նախկին պետական քարտուղար Հենրի Քիսինճըրը։
Անոր կարծիքով՝ ՆԱԹՕ-էն դուրս Ուքրանիոյ կարգավիճակն է, որ թոյլ կու տայ կարգաւորել իրավիճակը։
«Եթէ Ուքրանիան միանայ դաշինքին, ապա դաշինքի սահմանը կ'ըլլայ Մոսկուայէն 500 քիլոմեթր հեռավորութեան վրայ. այս մէկը Ռուսիան կը զրկէ այն ռազմավարական խորքէն, որու վրայ ան միշտ իրաւամբ յոյս դրած է»,- ըսած է ան։
Ինչպէս նշած է Քիսինճըր, Ռուսիան միշտ առաջատար դեր պիտի խաղայ աշխարհի մէջ, եւ «անոր պատմութիւնն ու մեծութիւնը կ'արդարացնեն մտահոգութիւնը՝ անվտանգութեան առումով»: