Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըրի կարծիքով` Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը պիտի աւարտի մօտաւորապէս մինչեւ 2022 թուականի փետրուար 24-ը եղած սահմաններով. Ուքրանիան պիտի վերադարձնէ բռնագրաւուած տարածքներու մեծ մասը, բայց Ղրիմը պիտի մնայ Ռուսիոյ Դաշնութեան վերահսկողութեան տակ։
Ըստ անոր՝ Ուքրանիան պէտք է ներառուի ՆԱԹՕ-ի կազմին մէջ, քանի որ այն կը դառնայ ամենալաւ սպառազինութիւն ունեցող, սակայն ամենաքիչ փորձառու ղեկավարութեամբ երկիրը Եւրոպայի մէջ: Ան այս մասին ըսած է The Economist-ին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Նախկին քաղաքական գործիչը երկու պատճառ նշած է, թէ ինչու կ'ուզէ, որ Քիեւը միանայ դաշինքին. անոր կարծիքով՝ Ռուսիան այլեւս սպառնալիք չէ, միեւնոյն ժամանակ, Ուքրանիան աշխուժօրէն կը զինուի Եւրոպայի կողմէ, որ անոր կը դարձնէ լաւագոյն սպառազինութիւն ունեցող եւ Եւրոպայի մէջ ռազմավարական առումով ամենաքիչ փորձառու ղեկավարութեամբ երկիրը։
Քիսինկըրը ենթադրած է, որ եթէ ռազմական գործողութիւնները աւարտին ոչ յօգուտ Մոսկուայի, ապա աշխարհը պիտի ստանայ «դժգոհ Ռուսիա, նաեւ դժգոհ Ուքրանիա»։
«Հետեւաբար, յանուն եւրոպական անվտանգութեան, աւելի լաւ է Ուքրանիան ըլլայ ՆԱԹՕ-ի մէջ, ուր ան չի կրնար ազգային մակարդակով որոշումներ կայացնել տարածքային պահանջներու վերաբերեալ»,-ըսած է ան։