image

Երկիրը պատերազմի մէջ «թաղելէ» ետք. Արեւմտեան մամուլը «յիշած» է Քիեւը

Երկիրը պատերազմի մէջ «թաղելէ» ետք. Արեւմտեան մամուլը  «յիշած» է Քիեւը

Քիեւի մէջ CNN-ի լրագրողական խումբերը հաղորդած են, որ շաբաթ վաղ առաւօտեան պայթիւններ լսուած են: Պարզ չէ` պայթումները ռուսական, թէ ուքրանական հարուածներ եղած են:

Ոքրանիոյ մայրաքաղաքի արուարձաններուն մէջ մարտերը կը շարունակուին: Քաղաքի վարչակազմը նշած է, որ հիւսիսի մէջ գտնուող տարածքները կը մնան ամենավտանգաւորը, ներառեալ Պուչա, Իրփին եւ Հոսթոմել արուարձանները, ինչպէս նաեւ Քիեւէն աւելի հիւսիս գտնուող Վիշորոտ թաղամասը: Մարտերը սրած են նաեւ Պրովարիի մէջ, Տնեպր գետի միւս կողմը, քաղաքէն արեւելք ինկած հատուածին մէջ:

«Քանի որ ռուսական ուժերը ճնշում կը գործադրեն քանի մը ուղղութիւններէ, կ'աճի մտահոգութիւնը առ այն, որ նպատակը քաղաքը ամբողջութեամբ շրջապատելն է, քաղաքը սովի մատնելը, քաղաքը ռմբակոծելը եւ այնուհետեւ, ի վերջոյ, փորձել տապալել Զելենսքիի կառավարութիւնը», ըսած է լրագրողը:

Ան յաւելած է, որ «ուքրանական ուժերն ամէնուր են» Քիեւի մէջ:

«Անոնք պաշտպանական դիրքեր փորած են քաղաք տանող բոլոր հիմնական մայրուղիներու երկայնքով, շուրջբոլորը հրասայլային թակարդներ տեղադրած են: Սա այժմ խիստ ամրացուած քաղաք է: Եւ նոյնիսկ եթէ ռուսական ուժերը կարենան շրջապատել զայն, այդ անոնց համար ամենահզօր կռիւը պիտի ըլլայ` հասնելու անոր սրտին», նշած է թղթակիցը:

Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքօն CNN-ին ըսած է, որ քաղաքը ներկայիս ունի աղիւրներ, ներառեալ սննդամթերք եւ բժշկական պարագաներ, միայն մէկէն երկու շաբթուայ համար: