Ուքրանիոյ զինուած ուժերու կողմէ Բելգորոդի հրթիռակոծութեան հետեւանքով առնուազն 14 մարդ զոհուած է։ Տուժած է 108 մարդ, յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութիւնը։
Բելգորոդի շրջանին վրայ յարձակումները կը շարունակուին ուրբաթ երեկոյէն ի վեր։
Բնակելի հատուածին մէջ հարուած արձանագրուած է, ըսած է Բելգորոդի մարզի նահանգապետ Վեաչեսլաւ Կլատքով։
Քաղաքը հրթիռի ազդանշան հնչած է, եւ բնակիչներէն խնդրած են երթալ ապաստարաններ: Ազդանշանը այժմ չեղեալ համարուած է:
Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութիւնը արձանագրած է 10 հրդեհ, բոլորը մարած են։
Բելգորոդի կեդրոնին մէջ, նախնական տուեալներով, վնասուած է մօտ 40 քաղաքացիական կառոյց, ԹԱՍՍ-ին յայտնած են արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւններէն։
Բելգորոդի մէջ գործարկուած է թէժ գիծ՝ 122 համարով, որ տեղեկութիւններ կը ստանայ զոհերու եւ աւերածութիւններու մասին։
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին տեղեկացուած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերու կողմէ Բելգորոդի վրայ յարձակման մասին, յայտնած է պետութեան ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։ Փութինի յանձնարարականով Բելգորոդ թռած է Առողջապահութեան նախարարութեան խումբը՝ նախարար Միխայիլ Մուրաշքոյի գլխաւորութեամբ։