Բնիկ քեսապցի մտաւորական ՝ Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝
Քեսապի նուիրուած իմ աշխատասիրութիւններուս մէջ անդրադարձած եմ տեղի հարուստ բուսականութեան․ խօսած եմ շուրջ100 անուն բոյսերու մասին (Քեսապի բարբառը, Քեսապ, Ա․ հատոր)։ Այդ հրատարակութիւններուն մէջ հրարաւոր չէր ծաւալիլ եւ ներառել նաեւ այնպիսիք, զորս կարելի չէր կարճ բացատրութեամբ մը ճանաչելի դարձնել․ «վայրի բոյս մը», «կարմիր ծաղիկ մը», թունաւոր խոտ մը» եւ նման բացատրութիւններ բոյսը ճանաչելի չէին կրնար դարձնել։
Աւելի ծաւալուն ներկայացում պահանջող ու նկարազարդ աշխատանք կը պահանջէր ատիկա։ Պարտական կը զգայի։ Վերջին քանի մը տարիներուն տարբեր եղանակներու Քեսապ այցելեցի եւ դաշտային հետապնդումներու եւ տեղացիներու հետ զրոյցներու շնորհիւ հաստատագրեցի շուրջ 1500 բուսատեսակ, բայց դժբախտաբար շուրջ 700ը միայն՝ իրենց բարբառային անուններով։ Ժամանակները փոխուած են, մարդիկ, նոյն տարածքին մէջ ապրելով հանդերձ, չունին նախկին աղերսները բոյսերուն հետ․ շատոնց վերացած է շերամաբուծութիւնը, ծխախոտամշակութիւնը, արտի ու ցանքի աշխատանքներուն մեծ մասը, անասնապահութիւնն ու խաշնարածութիւնը, անտառային տնտեսութիւնը գրեթէ լիովին լքուած է։ Գիւղատնտեսութիւնը հիմնական փոփոփութեան ենթարկուած է։ Մարդիկ մոռցած են իրենց մանկութեան ճանչցած բոյսերուն անունները, որոնց հետ մինչեւ 1950արան թուականները ամենօրեայ աղերս ունէին, մէկը անոնցմով կը խաղար, միւսը անասուն կը պահէր, ճաշ կը պատրաստէր, շինանիւթ, դեղամիջոց․․․։
Մանկութենէս եկող փորձառութիւններս քաղած տեղակութիւններուս հաւաստի ըլլալը կը հաստատէին։
Ուշացած ըլլալս ցաւով կ՛արձանագրեմ, ու միւս կողմէ գոհ եմ, որ «հոգու պարտք»ս հատուցելու վրայ եմ։
Աշխատանքը բառարան է, ուր իւրաքանչիւր գլխաբառ ունի հետեւալ յօդուածները․
- Գլխաբառ՝ բարբառային անունը արեւմտահայերէն տառադարձութեամբ։
- Բառին ստուգաբանութիւնը, հնչիւնական վերականգնումը, քերականական յատկութիւնները, կազմութիւնը, հայերէն համարժէքը, միջազգային գիտական անունը եւ ընտանիքը։
- Նկարագրութիւնը՝ տեսակը, յատկութիւնները, տեղը, ժամանակը, աճման ձեւափոխութիւնները։
- Գործառոյթները, իբրեւ խոհանոցի հումք, անասնակեր, շինանիւթ, ժողովրդական բժշկութեան մէջ իբրեւ դեղամիջոց, արդիւնաբերութիւն, հումքի արտահանում եւ այլն։
- Ժողովրդական խաղերու, հաւատալիքներու եւ բանահիւսութեան մէջ անոր ներկայութիւնը՝ զրոյց, առակ, առած, հեքիաթ, հանելուկ , խաղեր եւ այլն։
-Բոյսին տարբեր փոխակերպումները պատկերող գունաւոր նկարներ։
Յակոբ Չոլաքեան