Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքի (WITSA) տարեկան մրցանակն այս տարի շահած է ամերիկահայ գործարար Գարօ Արմէնը՝ քաղցկեղի դէմ նոր դեղամիջոց ստեղծելուն համար։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքի (WITSA) տարեկան մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ ամերիկահայ գործարար Գարօ Արմէնին։
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի Առաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան (ԱՏՁՄ) նախագահ Ալեքսանդր Եսայեան ըսաւ հետեւեալը. «Մրցանակը կը ստանան անոնք, որոնք մեծ ծառայութիւններ կը մատուցանեն մարդկութեան կամ կը դառնան համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող գործերու հեղինակ: Այդ մրցանակին դափնեկիրներու կարգին է, օրինակ, Նելսըն Մանտելա: Այս տարի մեր ընկերութիւնը ներկայացուց Գարօ Արմէնի թեկնածութիւնը, եւ խորհուրդը հաստատեց զայն: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՛ունենայ զանազան դասակարգերով, սակայն գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ մեր ամերիկահայ հայրենակիցը: Անոր գործունէութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի: Անոր հիմնադրած եւ ղեկավարած ընկերութիւնը` Agenus Inc.ը, կը զբաղի քաղցկեղի բուժման գծով եւ հնարած է դեղամիջոց մը, որ կ՛օգնէ առաւել քան հազար հիւանդներու, որոնք արդէն իսկ ապաքինած են: Դեղամիջոցին շնորհիւ բուժուած են նոյնիսկ չորրորդ փուլի քաղցկեղ ունեցող հիւանդները: Վեց շաբթուան ընթացքին հիւանդները ստացած են BOT/BAL կոչուող դեղը. քաղցկեղը ամբողջութեամբ անհետացած է»:
Ըստ Եսայեանի՝ արհեստագիտութիւններու ասպարէզին մէջ մեծ դեր ունի Հայկական Սփիւռքը, ուր կան յաջող մասնագէտներ եւ հայկական ընկերութիւններ, որոնք մեծ կապեր եւ կշիռք ունին: Ամէնէն յայտնիներէն է՝ «Սըրվիս Թայթըն»ը, որ հիմնուած է Վահէ Կուզոյեանի եւ Արամ Մահտեսեանի կողմէ: Անիկա մեծապէս օգնած է նորաստեղծ հայաստանեան հաստատութիւններու`հասանելի ձայն ունենալու անհրաժեշտ տեղեր:
Եսայեան առանձնացուց նաեւ Ռազմիկ Յովակիմեանը, որ կատարած է ներդրումներ` օգնելով բազմաթիւ հայաստանեան սկսնակ ընկերութիւններու: