Politico թերթի տեղեկութիւններով՝ Քապուլի ահաբեկչական յարձակման պատասխանատուութիւնը կը կրէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը:
Քապուլի միջազգային օդակայանին մէջ պայթում տեղի ունեցած է:
Միջազգային ԶԼՄ-ներ յայտնած են, որ կատարուածը ահաբեկչական յարձակման հետեւանք է:
Վերջին թարմացուած տուեալներով՝ ահաբեկչական յարձակման հետեւանքով առնուազն 13 մարդ զոհուած է:
Sky News Arabia հեռուստաալիքը յայտնած է, որ պայթումը իրականացուցած է մահապարտ-ահաբեկիչը: Տեղեկութիւնը «Ռոյթըրզ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած են նաեւ ԱՄՆ կառավարութեան ներկայացուցիչները: Իսկ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Քապուլի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած է ոչ թէ մէկ, այլ երկու պայթում:
Politico թերթի տեղեկութիւններով՝ Քապուլի ահաբեկչական յարձակման պատասխանատուութիւնը կը կրէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը: