image

«Քանի՞ Աւարայր եւ քանի՞ Տէր էլ Զօր».Սիլվա Իսկիկեան-Մահրէճեան

 «Քանի՞ Աւարայր եւ քանի՞ Տէր էլ Զօր».Սիլվա Իսկիկեան-Մահրէճեան

 Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան կը գրէ՝

Մենք՝ տեղահանուած Արեւմտահայերս, կը կարծէինք, թէ մեր խանձուած ոտքերէն թօթուած ենք Տէր Զօրի աւազները ու Լիբանանի մէջ ամուր կանգնած ենք՝ ապաքինած մեր ոտքերով...: Այս պատերազմը եկաւ ու խախտեց մեր Լիբանանեան սփիւռքի ամրոցը: Տակաւ առ տակաւ նօսրացաւ հայկական գաղութը, նահանջեցին բարգաւաճ մշակութային կեանքը, կրթական համակարգը...: 

Լիբանանի բոլոր քաղաքացիները ապրեցան պարտադիր երթ՝ խաղաղութենէն դէպի օրհասական օրեր, խուճապահար վազք՝ դպրոցական գրասեղաններէն դէպի մութ ապաստանարաններ, արտագաղթ, աւեր, յուսալքում, իսկ դառնագոյնը՝ մահուան հետ մօտէն ու յաճախակի շփուելու խայթը: 

«Տե՛ս, տե՛ս, սա՛ «չօճուխին» (մանուկին) ի՞նչ արտասանութիւն տուեր են, որ սորվի։ Ինը տարեկանը ի՞նչ պիտի հասկնայ ջարդէն, Տէր Զօրէն…: Խելքերնին սիրեմ»: Մինչ ես մեծ ոգեւորութեամբ կը կրկնէի Ժագ Ս. Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն մէկը, մեր դրացուհին այս անհեթեթ խօսքը ըսաւ։ Ներքուստ շատ վրդովեցայ, բայց մօրս դաստիարակութիւնը եւ քաղաքավարական օրէնքները կը պարտադրէին, որ լռեմ: Միտքովս հարց տուի. «Ո՞վ է «չօճուխը» եւ ո՞վ է չհասկցողը»: Այո՛, ես ինը տարեկան էի, բայց եղեռնը ինծի հետ ծնած էր...: Ծիներով փոխանցուած էին ինծի ազգիս ցաւերը...: Ծնած օրէս տեղեակ էի վերապրող մեծ հօրս ու մեծ մօրս կենսագրականներուն: Մանուկ հասակէս ըմբռնած էի մեծերուն անժպիտ ու մռայլ դէմքերուն պատճառը: Անոնց պատմած դրուագները վկայարաններ էին, ազգովին ապրուած սպանդին, տեղահանութեան, տառապանքին, գոյատեւման պայքարին...: Անոնք շնչող յուշամատեաններ էին խլուած ու յետին ձգուած հարստութիւններուն՝ տուն, եկեղեցի, մշակոյթ, վանքեր...: Այնքան իրազեկ էի մանրամասնութիւններուն, որ երբեմն նոյնիսկ կը կասկածէի, որ արդեօք ես լսողի՞ դերին մէջն էի, թէ՞ ականատեսի: 

Այդ Ուրբաթ՝ ատենամարզանքի պահը նուիրուած էր ոգեկոչելու եղեռնի զոհերուն յիշատակը։ Ես ալ իմ կարգիս արտասանեցի սորված բանաստեղծութիւնս: «Քանի՞ Աւարայր եւ քանի՞ Տէր էլ Զօր, որքա՞ն տառապանք, բանտ ու աքսորանք...»: Ամբողջ էութեամբս կ՚ապրէի՝ դարերու ընթացքին ազգիս դիմագրաւած օրհասն ու տառապանքները: 

Լիբանան ծնած ըլլալս բարեբախտութիւն կը սեպէի: Հոս չկային դահիճներ, ոլորուած պեխերով կեղեքողներ, բարբարոս ճիւաղներ...: Ես կ՚ապրէի հայահոծ շրջանի մը մէջ, ուր կողք-կողքի քանի մը հայկական վարժարաններ, եկեղեցիներ, մշակութային կեդրոններ եւ ակումբներ կային: Մեր դրացիները հայեր էին, ամէնուրեք հայերէն կը լսուէր, իսկ մեր թաղին մէջ բնակող մէկ- երկու արաբ ընտանիքները՝ պատահական երեւոյթ կը սեպէի: Անկեղծ ըլլամ ըսելու, որ ես կը կարծէի թէ Լիբանանը մերն է՝ հայապատկան երկիր է: Կը զգայի թէ այս հողին վրայ Հայերս վերագտած ենք՝ խաղաղ ապրելու մեր արդար իրաւունքը: Կը սիրէի Լիբանանին ծովը, հովասուն լեռները, առատութիւնը, կենսուրախ ժողովուրդը, պատմական աւանդը, արաբական երաժշտութիւնը, եւրոպական ճաշակը եւ ամէն ինչը: 

-Տիկ. Նուրիձա՛, պզտիկներդ առ եւ ե՛լ մեր քով։ Ձեր տունը գետնայարկ է եւ ապահով չէ։ Չե՞ս տեսներ ճամբան փռուած դիակները։ Ռումբերը երբ գլորեն՝ վարի յարկերը կը վնասուին, իսկ բարձր յարկերը եւ տանիքները՝ ոչ։ 

Սա՛, մեր սիրելի դրացուհիին հնչեցուցած ահազանգն էր։ Ան մտահոգ էր մեր ընտանիքին ապահովութեամբ եւ մեզ իր մօտ կը կանչէր։ Մենք բոլորս անտեղեակ էինք թէ ի՞նչ է ռումբը, ձեռնառումբը, հրթիռը...: Հետեւաբար, միամտօրէն բարձրացանք Տիկ. Սառային տան տանիքը: Մայրս իր երեք զաւակներով, իսկ Տիկ. Սառան իր ինը զաւակներով սեղմուեցանք տանիքը գտնուող նեղլիկ սենեակին մէջ: Տեղատարափ հրթիռները ակնթարթային արագութեամբ իրարու կը յաջորդէին, կը գերազանցէին որոտումներու գոռոցը: Պատահական դադար մը բաւարար էր լսելու մեր թաղեցիներուն լացը, աղաղակը, պոռչտուքը...: Ցաւոտ սարսափը կը գալարուէր մեր աղիքներուն մէջ, իսկ լեղի սրտխառնուքը կ՚այրէր մեր կուրծքերը։ Ես չեմ կարծեր, որ մեզմէ ոեւէ մէկը ինքզինք այդքան վատառողջ զգացած էր իր կեանքին մէջ: Ես չհամարձակեցայ վիճակիս անդրադառնալ, չէ՞ որ նոյն սենեակին մէջ «ապաստանածներս» նոյն դառնութիւնը կը բաժնեկցէինք: Ահաւոր երեկոյ մըն էր, որ դարէ մը աւելի երկար թուեցաւ, անոր յաջորդեց խաւար գիշերը, իսկ հրթիռները շարունակեցին յամառօրէն գոռալ: Առաջին անգամ ըլլալով մահուան ուրուականը «մարմնացաւ» պարմանուհիիս աչքերուն առաջ: Երեւի այդ գիշեր հարիւր անգամ «Հայր Մերը» կրկնեցի...:

-Շաքար ջուր խմցուցէ՛ք:

-Երեխայի մէզ խմցուցէ՛ք:

-Սիկարէթով վիզը այրեցէ՛ք։ 

Յաջորդող օրերուն Ժողովրդական բոլոր գիտելիքները յառնեցան ու ի գործ դրուեցան պայքարելու վախին դէմ: Ո՞վ կը պատկերացնէր, թէ վախը թոյն մըն է եւ կրնայ զանազան աւերներ գործել: Մարդոց մարմնային եւ հոգեկան առողջութիւնը վնասելէ անդին, դառնալ գաղթի ճամբուն առաջնորդող «ցուպ»:

Յիշեցի մեր հին դրացուհիին խօսքը. «Սա՛, «չօճուխները» ի՞նչ կը հասկնան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ջարդ, պատերազմ…»: Դրացի՛, այս անգամ իրաւացի է խօսքդ: Այս անակնկալ պատերազմը ոչ միայն երեխաները չհասկցան, այլեւ ոչ ոք հասկցաւ, թէ ի՞նչ էր կատարուածը...: Մեծ ու մանուկ՝ միամիտներ էինք: Եթէ ամենադոյզն պատկերացումը ունենայինք կործանիչ հրթիռներուն «թռչելու» ոճին, ապա մեր գետնայարկ տունը լքելով չպիտի բարձրանայինք երրորդ յարկին տանիքը՝ մեր հոգիները փրկելու մարմաջով: 

Եւ որքան պատերազմը երկարեցաւ,այնքան արագ դարձանք «ռազմագէտներ» եւ հմուտներ՝ պատսպարուելու «արուեստին»: Ընդյատակեայ լքուած ապաստարանները մաքրեցինք, «կահաւորեցինք», շէնքերուն մուտքերը աւազէ պարկերու դէզերով ամրացուցինք...: Մենք պարտադրաբար նոր ապրելաոճ որդեգրեցինք, մինչ այդ բոլորս կ՚ապրէինք Լիբանանի խաղաղ երկնակամարին տակ՝ արբեցած ոսկեշող արեւով, խանդավառ կեանքով, ապագայի շէնշող երազներով...: 

Մենք՝ տեղահանուած Արեւմտահայերս, կը կարծէինք, թէ մեր խանձուած ոտքերէն թօթուած ենք Տէր Զօրի աւազները ու Լիբանանի մէջ ամուր կանգնած ենք՝ ապաքինած մեր ոտքերով...: Այս պատերազմը եկաւ ու խախտեց մեր Լիբանանեան սփիւռքի ամրոցը: Տակաւ առ տակաւ նօսրացաւ հայկական գաղութը, նահանջեցին բարգաւաճ մշակութային կեանքը, կրթական համակարգը...: 

Լիբանանի բոլոր քաղաքացիները ապրեցան պարտադիր երթ՝ խաղաղութենէն դէպի օրհասական օրեր, խուճապահար վազք՝ դպրոցական գրասեղաններէն դէպի մութ ապաստանարաններ, արտագաղթ, աւեր, յուսալքում, իսկ դառնագոյնը՝ մահուան հետ մօտէն ու յաճախակի շփուելու խայթը: 

Շարունակուող պատերազմին «քաղաքացիական» անունը «հագցուցին» եւ Լիբանանը ռազմադաշտի վերածեցին: Պատերազմ մը, որ բռնկեցաւ 1975-ին, եւ ցարդ չէ յանգած անոր խարոյկը..: Արտաքին աշխարհի «խաղացողները» մեղսակցաբար ներքին «դերակատարներուն» հետ խաթարեցին անոր խաղաղութիւնը, այլափոխեցին գեղեցիկ կերպարը…: Տարուէ տարի խորացան ու ընդարձակուեցան քաղաքական թնճուկները, ահաբեկչութիւնները, կողմերու թշնամանքը, իսկ 4 Օգոստոս 2020-ին, պատահեցաւ աննկարագրելին՝ Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումը: 

Չեմ ուզեր վերապրիլ այդ դառնագին պատահարը, անոր պատճառած սարսափը, մեծաթիւ զոհերուն սուգը, պժգալի քանդումին տարողութիւնը...: Եթէ գոյութիւն ունենար միաւոր մը, որուն միջոցով կարելի ըլլար չափել աղէտի մը ահաւորութիւնը , ապա ես կը վստահեցնեմ, որ նաւահանգիստին պայթումը պիտի գերազանցէր բոլոր չափանիշները...: Զարմանալին այն է, որ այս պայթումին հեղինակները չբացայայտուեցան, հակառակ այն իրողութեան, որ կ՚ապրինք դիտորդ արբանեակներու դարուն մէջ, ուր որեւէ երեւոյթ յայտնաբերելի է...: Համաշխարհային ընտանիքը յօգուտ ի՞նչ- ի՞նչ հաշիւներու անգամ մը եւս զոհաբերեց արդարութիւնը եւ կարեկցանքի խօսքերէն անդին չանցաւ…։ 

Վերջին տարիներէն սկսեալ , Լիբանանի մէջ առ այսօր տեղի կ՚ունենայ այլ ոճով պատերազմ մը՝ նոր «զգեստաւորումով», նոր հմտութիւններով ու սատանայական ծրագրաւորումով՝ ժողովուրդը ենթարկելով դժոխային պայմաններու եւ զրկանքներու: Արեւելքի Զուիցերիան կոչուած երէկուան Լիբանանը, ուր որպէս վայելքի ու ճոխութեան երկիր կը փութային զբօսաշրջիկներ, դժբախտաբար այսօր կը դիմագրաւէ տնտեսական յոռեգոյն պայմաններ, ինչպէս՝ Լիբանանեան դրամանիշի ահաւոր արժեզրկում, դրամատուներու կողմէ քաղաքացիական խնայողութիւններու բռնագրաւում, ապրելու տարրական անհրաժեշտութիւններու չգոյութիւն...: Լիբանանի մէջ քաղաքացիներ մնայուն կերպով զրկուած են երելեկտրականութիւն, ջուր, հաց, վառելանիւթ, դեղորայք կոչուող «շռայլութիւն» ներէ , պետական հիմնարկները մատնուած են անդամալուծութեան, քաղաքական անկայունութիւնը, դարձած է հոմանիշը երկրին, իսկ անապահովութեան ուրուականը կը դեգերի երկրին չորս կողմը:

Ո՞ւր ես մեր հին դրացի: Արդեօք ի՞նչ պիտի ըսես, կամ մաղթես այսօրուան «չօճուխ»ներուն: Անոնք, որոնք արժանի են թռվռուն  կեանք ապրելու, անսահման երջանկութիւն վայելելու եւ բազմերանգ ծիածաններ երազելու: Իսկ ես՝ անցեալի «անգիտակ» մանուկս, Արեւմտահայաստանէն տեղահանուած հայու բեկորս, Լիբանանի երկարամեայ պատերազմը ապրած սփիւռքահայս, այսօր խոր ցաւով ու ընդվզումով կը պոռամ. «Ա՛Լ ԲԱՒ  Է», ու կը ցանկամ անգամ մը եւս չկրկնել. «Քանի՞ Աւարայր  եւ քանի՞ Տէր էլ Զօր...»:

 Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան 

 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...