Թեհրանը Ուաշինկթընի հետ համաձայնութեան չէ եկած միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելու հարցով:
Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին երկրի պետական հեռուստառադիոընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
«Բանակցութիւններու վերսկսման վերաբերեալ որեւէ համաձայնութիւն կամ պայմանաւորուածութիւն չի եղել։ Այս հարցի շուրջ որեւէ խոստում չի տրուել, եւ որեւէ քննարկում չի անցկացուել», -ըսած է Արաքչին։
Ան նշած է, որ Իրանն ամերիկացիներու հետ շփուելու «տհաճ փորձ» ունեցած է, եւ անոնք «դաւաճանեցին բանակցութիւնները գործընթացի կէսին»։
Անոր խօսքով, այս փորձը պիտի ազդէ Թեհրանի ապագայ որոշումներու վրայ։ Սակայն, յաւելած է նախարարը, «որոշումը, ի վերջոյ, պիտի կայացուի՝ Իրանի ժողովուրդի բարեկեցութիւնը հաշուի առնելով, այլ ոչ թէ յոյզերու հիման վրայ»։