image

Քալիֆորնիան կը նուիրեմ Մեքսիքոյին. Ինչպէս հակադարձեց Տորէտ Լահհամը Թրամբին (Տեսանիւթ)

Քալիֆորնիան կը նուիրեմ Մեքսիքոյին. Ինչպէս հակադարձեց Տորէտ Լահհամը Թրամբին (Տեսանիւթ)

Սուրիացի յայտնի երգիծաբան եւ դերասան Տորէտ Լահհամ երէկ իւրայատուկ քայլով մը հակադարձած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբի՝ սուրիական Կոլանը իսրայէլեան հող ընդունելու որոշումին:

Լահհամ, որուն այս մասին պատրաստած տեսանիւթը հրապարակած է սուրիական «Ալ-Ախպարիա»ի կայքը, Թրամբի ստորագրած որոշման նմանատիպ էջի մը վրայ իր ստորագրութիւնը դնելով, ըսած է, որ ինք այս քայլով  Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգը կը նուիրէ Մեքսիքոյին:

Ան նաեւ աւելցուցած է. «Իմ այս ստորագրած թուղթիս արժէքը այնքան է, որքան որ է՝ Թրամբի ստորագրած թուղթինը: Կոլանը սուրիական է եւ պիտի մնայ սուրիական»:

Յիշեցնենք, որ իր իւրօրինակ տեսակէտներով յայտնի եւ նոյնիսկ մօտիկ անցեալին Սուրիոյ իշխանութիւնները ծանր քննադատութիւններու ենթարկած Տորէտ Լահամմը կը համարուի Սուրիոյ եւ արաբական երգիծանքի ամենայայտնի վարպետներէն: