«Քաղաքացիկան պայմանագիր» կուսակցութիւնը յառաջիկայ շաբաթ օր 10սեպտեմբերոն Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ հանրահաւաք պիտի կայացնէ: Կուսակցութիւնը այս մասին կատարած իր յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ հանրահաւաքի ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարուի երկիրը յուզող ընդհանուր խնդիրներուն եւ կուսակցութեան ապագայ ծրագիրներուն մասին: Կը նշուի , որ հանրահաւաքի ընթացքին այլ գործիչներու կողքին ներկաներուն իր խօսքը պիտի փոխանցէ ԱԺ պատգամւաոր եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հիմնադիր Նիկոլ Փաշինեան: