1975-էն Ի վեր լիբանանցիներուն առօրեան դժուարութիւններու կ'ենթարկուի, եւ այժմ տնտեսական տագնապը արդէն երկիրը դրած հիմքային փլուզման եզրին։ Լիբանանցիք մեծ յոյսեր կապած են Ռիատի մէջ կայանալիք գագաթնաժողովին, որ կրնայ իրողապէս լուծել երկրին առջեւ ծառացած մեծ խնդիրները։
Այս առումով ալ օրերս ուշագրաւ վերլուծական մը հրապարակած է Lebanon Files կայքը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
12 ապրիլ, 1975-ին, Լիբանանի սովորական քաղաքացիներու մեծ մասը, հանգիստ կ'ապրէր միջին եկամուտ ունեցող եւ կայուն երկրին մէջ, սակայն իրազեկ լիբանանցիք մտահոգ էին, որովհետեւ տեղի ունեցած էր երկու բացասական իրադարձութիւն։ Առաջինը՝ 1969-ին Գահիրէի համաձայնագրի ստորագրութիւնն էր, իսկ երկրորդը՝ 1973-ին, լիբանանեան բանակի եւ պաղեստինցի զինեալներու միջեւ բախումները։
Անխուսափելին պատահեցաւ 13 ապրիլ 1975-ին, երբ պաղեստինցի զինեալներ փոխադրող հանրակառք մը թիրախ դարձաւ քրիստոնէական «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան կռուողներու կրակին եւ դէպքը պատահեցաւ Պէյրութի Այն Ալրըմմանէ շրջանին մէջ։
Խորքին մէջ զինեալ միջադէպը Լիբանանի պատերազմի բռնկման առաջին կայծն էր։
Քաղաքային ոստիկան մը, որուն հետքն ու ինքնութիւնը անյայտ մնացին, կանգնելով Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն Ալ Շայյահ եւ Այն Ալրըմմանէի խաչմերուկին, սխալ ուղղութիւն ցոյց տուած էր հանրակառքի վարորդին եւ հանրակառքը, որ պիտի հասներ Պեքաայի շրջան , շեղելով մայրուղիէն, որ մէկ քիլոմեթր հեռու էր Այն Ալրըմմանէէն, ուր տեղի կ'ունենար ջոկատներու փառատօնը, հասած էր Այն Ալրըմմանէի Ալ Մարայա հրապարակը, եւ փոխ հրաձգութիւն տեղի ունենալէ ետք սպաննուած էին հանրակառքի բոլոր պաղեստինցի զինեալները:
Լիբանանցիք կարծեցին, թէ այս բախումները շուտով վերջ պիտի գտնեն մէկ ամսուան կամ մէկ տարուան ընթացքին, կամ 1982-ին, երբ Իսրայէլ ներխուժեց Լիբանան, կամ 6 փետրուար, 1984-ի ապստամբութենէն ետք, կամ 17 մայիսի համաձայնագրութեան ձախողութենէն ետք, բայց պատերազմը չդադրեցաւ։ Տեղի ունեցաւ զանգուածային գաղթեր, մասնաւորապէս քրիստոնեաներուն եւ տիւրզիներուն միջեւ սարսափելի բախումներուն հետեւանքով, որոնք սկսան Լիբանանեան լեռնային հատուածներուն փոխհրթիռարձակումներէն անմիջապէս ետք։
Տեղի ունեցան ջարդեր, իւրաքանչիւր շրջանի «զէնքի եղբայրներու»ն միջեւ, Պէյրութի արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններուն մէջ: Բախումներ սկսան լիբանանեան ուժերուն եւ բանակին միջեւ հրամանատարութեամբ՝ անցումային ռազմական կառավարութեան ղեկավար՝ զօրավար Միշել Աունի, եւ այդ մարտերը ձեւով մը յանգեցուցին «Թաէֆ»ի համաձայնագրին եւ սուրիական ուժերու Լիբանան մուտք գործելուն:
Ուշագրաւ եղաւ Լիբանանի նախագահի ընտրութիւնը 1988-ին, երբ մէջտեղ նետուեցաւ « Կամ Միխայէլ Ալ Տահէրը կամ քաոսը» կարգախօսը, որ վերագրուուած է ամերիկացի դիւանագէտ, դեսպան՝ Մըրֆիին...: Նախքան Տահէրի թեկնածութիւնը նախագահի պաշտօնին, հակամարտող կողմերը այնպիսի տիրական դիրք ունէին, որ խանգարեցին Սուլէյման Ֆրանճիէի (նախագահի պաշտօնի ներկայ թեկնածուին մեծ հայրը) հասնիլը նախագահական աթոռ։ Ապա զօրավար Աունի գլխաւորութեամբ բանակի ուժերը փակեցին ճանապարհը, որ Միխայէլ Ալ Տահէր եւս հասնի նախագահութեան, հետեւաբար բացուեցաւ քաոսի դուռը, եւ «քանի մը ամիս» ետք բռնկեցաւ Պէյրութի արեւելեան շրջանը։ Տեղի ունեցան կարեւոր զարգացումներ, եւ «Թաէֆ»ի օրինականութիւնը ընդունուեցաւ սուրիական ուժերուն կողմէ եւ նախագահ Իլիաս Հըրաուիի ներկայութեամբ, որ ընտրուած էր նախագահ Ռընէ Մուաուատի նահատակութենէն ետք։
1975-1991 թուականներու պատերազմը, ռազմական, արիւնալի եւ աւերիչ էր, իսկ այսօրուայ պատերազմը տնտեսական եւ կենցաղային է: Լիբանանցիք Մեծ Լիբանանի ողջ պատմութեան ընթացքին այսպիսի նուաստացում չեն ապրած իրենց ապրուստը եւ ամենապարզ անհաժեշտութիւնները ապահովելու համար: Անոնք այժմ կ'ապրին, հակառակ «փիւնիկեան վերայառնող թռչուն»ի խորհրդանիշին՝ աղքատ Լիբանանի մէջ:
Միջազգային խաղացողները, որոնք հետաքրքրուած են բազմազանութեամբ հարուստ ու իւրայատուկ Լիբանանով, անոր նաւթով ու կազով, իբրեւ լուծում կ'առաջարկեն բարեփոխութիւններ եւ նոր նախագահի ընտրութիւնը: Ըստ անոնց, քաղաքական շրջանակներու եւ փորձագէտներու, Լիբանանի լուծումի բանալին նախագահի ընտրութիւնն է, նկատի առնելով տարածաշրջանային քաղաքական ներկայ պահը, եւ յատկապէս Չինաստանի հովանաւորութեամբ մէկ ամիս առաջ Փէքինի մէջ ստորագրուած Սէուտական Արաբիա-Իրան համաձայնագիրը եւ անոր ազդեցութիւնը Եէմենի եւ Սուրիոյ վրայ:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի Պաապտա պալատի նախագահական աթոռին, որ 160 օր է թափուր է, ներկայիս ուշադրութիւնը կեդրոնացած է, թէ ինչ կրնայ պատահիլ Ս. Զատկուան եւ Ֆիթրի տօներէն ետք, մասնաւորապէս երբ տեղի պիտի ունենայ հինգ երկիրներու ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպումը, որ հաւանաբար այս անգամ կայանայ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքին մէջ։
ճի՞շդ է արդեօք սպասել նախագահական ճերմակ ծուխի բարձրացումին նախքան 19 մայիսին Ռիատի մէջ նախատեսուած արաբական գագաթնաժողովը, թէ սպասել «արտաքին ծուխեր»ուն, որոնք իրենց հերթին կը սպասեն, որ իրավիճակը Լիբանանի մէջ վատթարանայ , եւ մտնէ անյայտութեան մէջ։ Պատասխանը, այն է, որ լիբանանցիք պէտք է օգտուին որեւէ յոյսի նշոյլէ, օգտուին տարածաշրջանային դրական զարգացումներէն եւ ցուցաբերեն ճկունութիւն եւ հնարաւորինս շուտ ընտրեն իրեն նոր նախագահը:
Նիւթը՝ Lebanon Files կայքէն
«Արեւելք»ի համար Արաբերէնէ թարգմանեց՝ Թ.Գասպարեան