image

Պոլսոյ սիրուած պատրիարքներէն երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 34 -ամեակը

Պոլսոյ սիրուած պատրիարքներէն երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 34 -ամեակը

Պոլսահայ շրջանակներ օրերս քաղցր վերյուշով մը յիշատակած են Պոլսոյ դարաւոր աթոռի սիրուած պատրիարքներէն Երջանկայիշատակ Տ. Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 34-րդ տարելիցը։

Իր ուրոյն տեղն ու ստորագրութիւնը թողած Շնորհք Պատրիարքի անունը ցայսօր ալ կը հոլովուի եւ բարիով կը յիշատակուի պոլսահայութեան եւ ամբողջ հայութեան մօտ։ 

Ստորեւ այդ մասին «Նոր Մարմար»ի կողմէ ներկայացուած նշմարը։

«Եռանդի եւ մարտական ազնիւ ոգիի պէտք կայ քրիստոնեայ ըլլալու համար։ Սովորական, հէգ, պայքարելու տրամադրութենէն զուրկ մարդու գործ չէ քրիստոնեայ ըլլալը։ Յաճախ Քրիստոս եւ քրիստոնեան կ'ընկալուին իբրեւ անվնաս, խաղաղասէր, այսպէս կոչուած «բարի» մարդիկ։ Արդարեւ այդ բոլորը անոնք են, բայց ո՛չ այն իմաստով, զոր աշխարհ դրած է այդ բառերուն մէջ»։

Այսօր, 7 Մարտին ահաւասիկ վերոյիշեալ պատգամով է որ կ'ոգեկոչենք յիշատակը Թուրքիոյ Հայոց 82րդ Պատրիարք, Երջանկայիշատակ Շնորհք Արք. Գալուստեանի, այն իմաստուն հովուապետին, որ «հայրիկ» եղաւ Պոլսահայութեան համար, 29 տարի շարունակ քաջարի առաջնորդը հանդիսացաւ համայնքային կեանքին եւ պատմութիւն կերտեց որպէս անմոռանալի հոգեւորական։

Ստորեւ կը հրատարակենք Երանաշնորհ Պատրիարքի մտածումներէն մէկ քանին, յարգանքով, պատկառանքով ու սիրով ոգեկոչելով իր յիշատակը։

***

Մեզի համար լաւագոյն բարիք կամեցողները անոնք են, որոնք մեզ քաջալերելու համար՝ մեր գովելի կողմերը եւ գործերը մեզի պարզելով հանդերձ, երբեք չեն քաշուիր, հարկը պահանջած ատեն, մեր պակասութիւնները, թերութիւնները եւ մոլութիւնները մեր նկատառման յանձնելէ, մեզ սրբագրուած եւ անթերի տեսնելու անկեղծ փափաքով։ –

ՍԷՐԸ. առանց որուն չկայ ճշմարիտ կրօնք, ճշմարիտ աստուածպաշտութիւն։ 

ՀԱՒԱՏՔԸ. հիմքը եւ խարիսխը մեր կեանքին, որ եթէ չկայ աւազի վրայ հիմնուած է արդէն մեր կեանքը եւ սահմանուած փուլ գալու առաջին հովին եւ փոթորիկին։ Իսկ եթէ խախտի՝ կը վտանգուի մեր կեանքի շէնքը, եւ կ'ենթարկուի կործանումի, եթէ չնորոգուի եւ չամրապնդուի այդ հիմքը։ 

ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ. պտուղը եւ փաստը սիրոյ եւ հաւատքի։ 

ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ. դժուարագոյնը – յատկապէս մեր ժամանակներուն- քրիստոնէական առաքինութիւններուն, բայց վեհագոյնն է մեր հոգեկան զէնքերուն եւ զարդերուն, որուն եթէ տէր մնանք մինչեւ «ի սպառ», ապահոված կ'ըլլանք մեր յաւիտենական կեանքը։ – Յառաջ ընթանալը կեանքի կանոնն է, ետ չմնալու, չյետադիմելու միակ պայմանն է։