image

Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Օրակարգի Վրայ

Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ  Օրակարգի Վրայ

 Թուրքիա-    Պոլսոյ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցը կը շարունակէ մնալ         Պոլսահայա համայնքի կարեւորագոյն օրակարգերէն մին, եթէ չըսենք կարեւորագոյն օրակարգը: Այս մասին  անցեալ շաբաթ         շահեկան ակնարկ մը ստորագրած է Պոլսոյ «Ժամանակ»  օրաթերթի խմբագիր ՝ Արա Գոչունեան:   Գոչունեան  կարեւոր մանրամասնութիւններ  ներկայացուցած է     Պատրիարքարանէն ներս տիրող     ընդհանուր իրավիճակին վերաբերեալ եւ նկատել տուած , որ այսօրուան իրավիճակը      կուտակումն  է անցեալ  հանգրուանին     արձանագրուած բացթողումներուն եւ սխալներուն:  Խմբագիրը  մատը վէրքին վրայ դնելով կը մերժէ, որեւէ կրօնական գործիչ կամ պատրիարք  կուռք դարձնելու խոցելի երեւոյթը: Այս առումով ան կը գրէ ՝  «Ի դէմս Մութաֆեան Պատրիարքի, անհատներ կուռքացնելու ուղղեալ մտայնութիւնը Պատրիարքարանը զրկեց լուծումներ արտադրելու հնարաւորութենէն եւ մեղք, որ կաթուածահարեց անոր գործունէութիւնը։ Այսօր հետզհետէ ջուրի երես կ'ելլեն նաեւ հոգեւորականաց դասուն անհանգստութիւնները, որոնք ծնունդ կ'առնեն Պատրիարքական Աթոռի ղեկավարման առկայ վատառողջ դրութեան հետեւանքով։ Յամենայնդէպս, խնդիրը այսքանով սահմանափակուած չէ…»:   Գոչունեան  նաեւ կը մերժէ այսօրուան բարդութիւնները    բեռցնել   պատրիարքական տեղապահին ուսերուն, նկատել տալով, որ  Պատրիարքարանը   «ամլացում»էն դուրս բերելու  համար     բոլոր  մարմինները համահաւասար պատասխանատուութիւններ պէտք է վերցնեն:   Գոչունեան իր ակնարկը  աւարտած է     այն յոյսով, որ Պոլսահայ համայնքի աշխարհական մարմինները եւ ազդեցիկ անհատները եւս  կը գիտակցին  պահու լրջութեան եւ  հեռու կը մնան  համայնքը պառակտելու միտուած  փորձութիւններէ: Նշենք, որ  անցնող   շաբաթներուն  Պոլսոյ Պատրիարքութեան կրօնական  ժողովի ատենապետը   անսպասելի հրաժարական տուաւ այդպիսով նոյնպէս անդամալուծելով Պատրիարքարանի   ընդհանուր վիճակը:  Այս առումով    մինչեւ այս պահը      բացատրութիւններ չեն տրուած:  Կը մնայ յուսալ, որ Պոլսահայ համայնքը խոհուն քայլով մը  բոլորուի իր ամէնէն հեղինակաւոր երդիքին ՝ Պատրիարքութեան  կամարին տակ ու     ազգային որոշիչ կեցուածքով   կը  կազմակերպէ նոր պատրիրաքի  ընտրութիւնը