image

Պոլսոյ մէջ. Վերջին հրաժեշտ Պէքճեան  Սրբազանին 

Պոլսոյ մէջ. Վերջին հրաժեշտ Պէքճեան  Սրբազանին 

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան տեղեկատուական կայքը կը հաղորդէ.

Պատրիարքական Աթոռոյս աւագագոյն հոգեւորական Գերշ. Տ. Գարագին արք. Պեքճեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 2024 Նոյեմբեր 26-ին, Աթոռանիստ մայր տաճարի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր։ Արարողութեանց ներկայ էին Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպիսկ. Իսախանեան, Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկ. Նալպանտեան եւ Իրաքի թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեան։

Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռոյս միաբանութիւնն ու հոգեւորականաց դասու, սարկաւագաց եւ դպրաց դասու անդամները։ Այս մէկը առիթ եղաւ, որ Աթոռոյս եկեղեցականութիւնը իր լրիւ կազմով յարգանքի տուրք մատուցանէ հանգուցեալ սրբազանին։

Քաղաքիս քոյր եկեղեցիները յարգելով Հայ եկեղեցւոյ աւագ հոգեւորականին վաստակը իրենց ներկայացուցիչներով մասնակցեցան արարողութեան։

Գլխաւորութեամբ համայքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, մեր հաւատացեալ ժողովուրդը փութացած էր իր վերջին յարգանքի տուրքը մատուցանելու, հանդէպ՝ Պատրիարքական Աթոռոյս աւագագոյն հոգեւորականին։

Ս. Պատարագը մատոյց Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպիսկ. Իսախանեան, առընթերակայ ունենալով Արժ. Տ. Տիրատուր քհնյ Սարտարեանը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Աթոռոյս սարկաւագաց դասու անդամները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Արմաշ դպրաց խումբի ընդլայնուած կազմին կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին սրկ. Կալիպեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Ռոպէր Տօղանայի։

Յընթացս պատարագին հանգուցեալ Հայր սուրբին դագաղը հոգեւորականներու կողմէ ատեանէն բերուեցաւ Ս. խորան, ուր տեղի ունեցաւ Վերջին օծման կարգը, ձեռամբ՝ Ամենապատիւ սրբազան պատրիարք հօր։

Յաջորդաբար Ամենապատիւ սրբազան պատրիարք հայրը դամբանախօսեց «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի» (Բ. Տիմոթէոս 4.7) բնաբանով եւ վեր առաւ հանգուցեալ Գարեգին արքեպիսկոպոսի կեանքն ու վաստակը։

Վերջին օծման կարգէն յետոյ, պատարագը շարունակուեցաւ եւ հոգեւորականներ երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս Սրբազան հօր օծեալ ճակատն ու աջը։ Ապա դագաղը բերուեցաւ ատեան, ուր արտասանուեցան կանոնական աղօթքներ։

Յաւարտ պատարագի ելքի թափօրին նախագահեց՝ Գերշ. Տ. Արամ արքեպիսկոպոս։ Հոգելոյս Սրբազան հօր դագաղը կ՚ընթանար յամրաքայլ, շարականներու երգեցողութեամբ, Ս. Աւետարանի ընթերցմամբ, սաղմոսներով եւ աղօթքներով։ Հաւատացեալ ժողովուրդը տամկացած աչքերով կը հետեւէր արարողութեան, աղօթակցելով եկեղեցական հայրերուն։

Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շիշլիի Ազգային գերեզմանատան մէջ, որուն նախագահեց Գերշ. Տ. Արմաշ եպիսկոպոս։ Պատրիարքական Աթոռոյս միաբանութեան վաստակաշատ հոգեւորականին մարմինը ամփոփուեցաւ կուսակրօն եկեղեցականներու թաղամասի դամբարանին մէջ։

Վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը տեսասփռուեցաւ ուղղակի հաղորդումով:

Ս. Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքը, ի յիշատակ իր հանգուցեալ Սրբազան սանին՝ Գարեգին արքեպիսկոպոսի, հոգեճաշ սարքեց «Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան» սրահին մէջ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: