image

Պոլսոյ մէջ. «Իթիմաթ Պիւրօսու» ընկերութիւնը լուսարձակի տակ

 Պոլսոյ մէջ. «Իթիմաթ Պիւրօսու» ընկերութիւնը   լուսարձակի տակ

 Պոլսոյ    Երջանկայիշատակ Շնորհք  Պատրիարքի  օրերուն հիմնուած  «Իթամաթ Պիւրօսու»  կազմակերպութեան հաշիւները  վերատեսութեան  պիտի  ենթարկուին։

Այս մասին «Արեւելք»  կը կարդայ  «Ակօս»  պարբերականէն։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ նշեալ  ընկերութիւնը կը զբաղուի համայնքի կորուստներու  հարազատներուն եւ բարեկամներուն կողմէ հայկական հասատատութեանց կատարուած նուիրատութիւնները կազմակերպելոկ աշխատանքով։

Ստորեւ «Ակօս»ի մանրամասն լրատութիւնը

Եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր զա­նազան մե­ղադ­րանքնե­րու եւ բամ­բա­սանքնե­րու առար­կայ դար­ձած «Իթի­մաթ Պիւրօսու» ըն­կե­րու­թեան գոր­ծունէու­թիւնը վեր­ջա­պէս լու­սարձա­կի տակ կը դրո­ւի։ Այս մա­սին Թուրքիոյ Հա­յոց Պատրիարք Սա­հակ Բ. դի­մած է ԷՐ­ՎԱՊ-ի նա­խագա­հու­թեան, այս ըն­կե­րու­թեան հա­շիւ­նե­րը քննե­լու պահանջով։

«Իթի­մաթ Պիւ­րօ­սու» ըն­կե­րու­թիւնը հիմ­նո­ւած էր Շնորհք Պատ­րիար­քի գա­հակա­լու­թեան շրջա­նին եւ ստանձնած էր յու­ղարկա­ւորու­թիւննե­րու ըն­թացքին հայ հա­մայնքի հաս­տա­տու­թիւննե­րուն կա­տարուած նո­ւիրա­տուու­թիւննե­րը գան­ձե­լու եւ ապա որոշ տո­կոսի մը փո­խարէն սոյն հաս­տա­տու­թիւննե­րուն փո­խան­ցե­լու պաշ­տօ­նը։

Սա­կայն յա­ճախ պնդումներ կը լսո­ւէին ստա­ցուած եւ ապա փո­խան­ցո­ւած գու­մա­րի մի­ջեւ առ­կայ տարբերութիւննե­րու մա­սին։

Վեր­ջերս այդ պնդումնե­րը աւե­լի յա­ճախա­կի դար­ձած են, որոնց հի­ման վրայ Պատ­րիար­քա­րանը պա­հան­ջած է հա­շուեքննութիւն։