Օրերս Պոլսոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեան նախագահած է Ղալաթիոյ շրջանին մէջ տեղի ունեցած արեւագալի հոգեպարար արարողութեան։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Մեծ Պահքի հինգերորդ շաբթուան մէջ կը գտնուինք։ Համայնքէն տասնեակներով հաւատացեալներ մեր եկեղեցիները կը լեցնեն մասնակցելով Արեւագալի հոգեզմայլ ժամերգութիւններուն։
Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Արեւագալին եւ քարոզեց ժողովուրդին։ Սրբազան Հայրը որպէս նիւթ ընտրեց մեծամտութիւնն ու զայն որակեց հոգեկան հիւանդութիւն։ Ըսաւ որ այս հիւանդութենէն վարակուած էին նոյնիսկ առաքեալները, երբ Քրիստոս կ'ըսէր թէ մօտեցած է իր մահուան օրը, առաքեալները սկսած էին վիճաբանել թէ Քրիստոսէ ետք ո՞վ պիտի ըլլար իրենց առաջնորդը։ «Քրիստոս նկատելով ատիկա, յորդորեց որ առաքեալները խոնարհ ըլլան, որովհետեւ մեծութիւնը խոնարհութեան եւ ծառայութեան մէջ է», ընդգծեց Արամ Սրբազան։
Արարողութեան աւարտին Խնամակալութիւնը պահքի ճաշասեղաններ սարքեց «Կոլոտ» սրահին մէջ։