Ամբողջ հայութեան համար մեծ ուրախութիւն է, երբ լուր կը ստանանք այն մասին, որ հայաշունչ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է կրօնականի մը ձեռնադրութեան արարողութիւնը։
Այս օրերուն նոյն ցնծութիւնը ապրեցաւ Պոլսոյ Հայոց Միաբանութիւնը, երբ անոր շարքերուն միացաւ նոր անուն մը, նոր քահանայ մը, որ այդպիսով ալ նոր եռանդ պիտի բերէ տեղի հայութեան հաւաքական կեանքին։
Տէր Հայրը մկրտուեցաւ Տէր Արսէն անունով եւ անոր ձեռնադրութիւնը կատարեց Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. Պատրիարքը։
Ստորեւ «Արեւելք» իր հետեւորդներուն հետ կը բաժնեկցի այս լուրը, վերանորոգ եռանդ եւ քրիստոսանուէր առաքելութիւն մաղթելով նորընծայ Տէր Հօր։
(Լուրը մանրամասն՝ Պատրիարքութեան էջէն)
Հակառակ աննպաստ օդին, 19 եւ 20 Փետրուար օրերը ոգեւորիչ թուականներ դարձան Աթոռոյս տարեգրութեան մէջ, Տիրացու Արի Էքինճեանի քահանայական ձեռնադրութեամբ։
Կոչման արարողութիւն
Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ որոշումով եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, 19 Փետրուար, Չորեքշաբթի, ժամը 17.00-ին, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որու աւարտին՝ նոր հոգեւորականի կոչման հանդիսութեան։
Կանոնական ժամերգութեան աւարտին, խարտաւիլակ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, օժանդակութեամբ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի, եկեղեցւոյ գաւիթէն դէպի դաս ծնրադիր առաջնորդեց ընծայեալ Բրշ. Արի Սրկ. Էքինճեանը։
Շարականներու երգեցողութեան հետ հանդիսադիր Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ կատարուեցաւ ընծայեալի մինչեւ այսօր ապրած կեանքի քննութեան, հաւատաքննութեան եւ քահանայութեան կոչման արարողութիւնը։ Հարցուեցաւ եկեղեցւոյ դաւանանքին եւ ուղղափառ վարդապետութեան մասին հարցումներ, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ նզոված հերետիկոսներու եւ վարդապետութեանց մասին կարծիքը։ Ապա Նորին Սրբազնութիւնը յիշեցուց մեր եկեղեցւոյ դաւանանքն ու ուղղափառ վարդապետները, որոնց կ՚աշակերտի եւ պիտի աշակերտի նուիրեալը։ Հուսկ՝ Բրշ. Արի Սրկ. կարդաց հաւատքի ուղղափառ դաւանութիւնը։
Ձեռնադրութիւն
Իսկ 20 Փետրուար, Հինշաբթի, Ս. Ոսկեան Քահանաներու տօնին, Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան, սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ:
Արարողութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, վեղարաւոր միաբան հայրեր եւ քահանաներ։ Ներկայ էին նաեւ քաղաքիս Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Մոնս Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Արքեպս., Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպս., Լատին Եկեղեցիէն Հ. Անթոն Վրդ. Պուլայի։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպրաց կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։
«Զի ողորմած…» աղօթքէն առաջ, խարտաւիլակ Տէր Հայրը ու օժանդակ Տէր Հայրը Նորին Ամենապատուութեան առաջնորդեցին ընծայեալը։ Ծնրադիր ու սաղմոսներով գնացքը կանգ առաւ մեր Հոգեւոր Պետին առաջ, որու աղօթքներէն ու սուրբգրոց ընթերցումէն ետք, նուիրեալը որպէս աշխարհ ուրացման նշան ձեռամբարձ դարձաւ դէպի արեւմուտք եւ երգուեցաւ «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ…» երգը, որուն երիցս կը պատասխանէր երգչախումբը. Արժանի է։
Նորին Ամենապատուութիւնը նախ Արի Սրկ.ի ուրարը փոխակերպեց փորուրարի, ապա աղօթքներով հագուեցուց փիլոնը, սաղաւարտը, շուրջառը, յանձնեց պատարագիչի զգեստները։
Աւանդատան մէջ խարտաւիլակն ու սպասարկողներ զգեստները հագուեցուցին ընծայեալին եւ «Խորհուրդ խորին» շարականով բեմ առաջնորդեցին։
Օծում
Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց ճակատը եւ անուանեց զայն Տ. Արսէն Քահանայ։ Ապա օծեց նաեւ աջ եւ ձախ ձեռքերը, տուաւ իրեն Ս. Պատարագ մատուցանելու իշխանութիւն։
Յետոյ Նորընծան տուաւ իր առաջին քահանայական ողջոյնը. «Խաղաղութիւն ամենեցուն»։
Նորին Ամենապատուութիւնը այստեղ քարոզեց «Եթէ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի եւ իր հոգին կորսնցնէ, ի՞նչ շահած կ’ըլլայ» բնաբանով, ապա օրհնեց նորօծ Տ. Արսէն Քահանան եւ աւարտեցաւ օծման կարգը։
Սարկաւագի «Ողջոյն տուք միմեանց» քարոզէն ետք, սկսեալ Նորին Ամենապատուութենէն, բոլոր հոգեւորականները բեմ բարձրանալով իրենց առաջին ողջոյնը տուին նորընծային։
Ապա Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ կանոնական կերպով։
Ս. Պատարագի աւարտին, հաւատացեալներ դասուն մէջ մօտենալով շնորհաւորեցին նորօծ Տ. Արսէն Քահանան։
Եկեղեցական արարողութիւնները աւարտեցան Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ:
Պալաթու Թաղային Խորհուրդը սիրոյ սեղան սարքեց եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
*
Նորընծայ Տէր Հայրը իր կանոնական ապաշխարութեան քառասունքի շրջանը կը բոլորէ Պատրիարքարանի համալիրին մէջ, որմէ ետք պիտի մատուցանէ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։
Կենսագրութիւն Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեանի
Ծնած է 1978ին, Ստանպուլ։ Որդին է Միսաքի եւ Պէյազի։ Կը մկրտուի Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Կ՚ուսանի Գարակէօզեան, ապա Պէզճեան Մայր վարժարաններուն մէջ։ Կը պարապի ոսկերչութեամբ: Զինուորական պարտականութիւնը կը կատարէ 1998-2000 շրջանին։ Կ’ամուսնանայ Լինտայի հետ եւ կ’ունենան երկու զաւակներ՝ Ժոզէֆ եւ Սիմոն: 2023-2025 շրջանին հետեւած է Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւոր լսարանին։ Հայ լեզուի վարժութիւնը զարգացնելու համար, միջոց մը կ’ուղարկուի Անթիլիաս:
Դպրութեան չորս աստիճանները կը ստանայ Նորին Ամենապատուութենէն, 18 Փետրուար 2024ին, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Կիսասարկաւագ կ՚ըլլայ եւ սարկաւագ կը ձեռնադրուի Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ, 7 Ապրիլ 2024ին, Աւետման Տօնին, Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։
Սարկաւագ ձեռնադրուելէ ետք Իզմիրի մէջ գործօն պաշտօն կը սկսի վարել եկեղեցական կեանքէ ներս: