image

Պոլսոյ գրականութեան նոր փարոսը

Պոլսոյ գրականութեան նոր փարոսը

 

Մեր ընթերցողներէն  շատերուն ծանօթ   անուն կը համարուի  Պոլսահայ   գրականագէտ, մտաւորական եւ կրթական մշակ Սեւան Տէյիրմենճեանի  անունը։ Ըլլալով կրթական մշակ  Տէյիրմենճեան  ներկայ  փուլին  գործուղուած  է  Սուրո Քաղաք՝ Երուսաղէմ  ուր կը դասաւանդէ   Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, որպէս ուսուցիչ՝  Հայոց Լեզուի եւ գրականութեան։  Այս   առաքելութեան   կողքին մեր հայրենակիցը կը շարունակէ աշխոյժ ներկայութեամբ մը մասնակցիլ Պոլսոյ մէջ ընթացող գործընթացներուն ու նուիրական ոգիով  կը խմբագրէ    նոր հատորներ, որոնք լոյս  կը սփռեն Պոլսոյ արդի գրականութեան  վրայ։   Սեւանի  Պոլիս գտնուելու պատեհութիւնէն օգտուելով «Ակօս»ի երիտասարդ  անուններէն՝  Լուսյէն Քոփար վերջերս հարցազրոյց մը ունեցած է   Սեւան  Տ.ին հետ եւ նիւթի շահեկանութեան համար   զայն կը հրապարակենք  ամբողջութեամբ։

-Բարի եկար քա­ղաքդ։ Բա­րի եկար Պո­լիս։ Ինչքան գի­տեմ մօտ տա­սը ամիս մեզ­մէ հե­ռու էիր։ Ինչպէ՞ս կ՚ըն­թա­նայ Երու­սա­ղէմի նոր կեանքդ։

Շնոր­հա­կալ եմ, բա­րի տե­սանք։ Ամ­ռան ար­ձա­կուրդի առ­թիւ կը գտնո­ւիմ Պո­լիս եւ շու­տով ար­դէն պի­տի վե­րադառ­նամ պաշ­տօ­նատե­ղիս։ Ան­շուշտ, հոն ժա­մանա­կիս մեծ մա­սը յատ­կա­ցուած է Երու­սա­ղէմի հա­յոց պատ­րիար­քութեան զոյգ դպրոց­նե­րուն՝ Ժա­ռան­գա­ւորաց եւ Ս. Թարգման­չաց վար­ժա­րան­նե­րու, ուր կը դա­սաւան­դեմ գրա­բար, հա­յերէն, հայ գրա­կանու­թիւն եւ հա­յոց պատ­մութիւն։ Ազատ պա­հերուս կ՚աշ­խա­տիմ դու­րեանա­հիմն Կիւլպէն­կեան մա­տենա­դարա­նի, ինչպէս նաեւ Մայր դի­ւանի մէջ, բա­նասի­րական յօ­դուած­նե­րով կամ հրա­պարա­կումնե­րով կ՚աշ­խա­տակ­ցիմ «Սիոն»ին, կը մաս­նակցիմ եկե­ղեցա­կան արա­րողու­թիւննե­րու՝ եւ այս բո­լորով հա­մեստ նպաստ մը բե­րել կը փոր­ձեմ Ս. Յա­կոբեանց զի­նուո­րեալ միաբա­նու­թեան առա­քելա­շաւիղ ծա­ռայու­թեան, աննշան յի­շատակ մըն ալ ինքս ու­նե­նալու հա­մար Սիոնի բար­ձունքին։

 

-Ես ան­ձամբ պոլ­սա­հայ հա­մայնքին հա­մար մեծ կո­րուստ կը նկա­տէի քու Երու­սա­ղէմ եղած ժա­մանա­կաշրջա­նը։ «Ափ­սոս մենք հա­յոց լե­զուի ու գրա­կանու­թեան տի­րապե­տող, մաս­նա­գիտա­ցած երի­տասարդներ չու­նինք եւ բա­ցակա­յու­թիւնդ մեծ զրկանք է մե­զի հա­մար», կ՛ըսէի։ Բայց հի­մա կը տես­նեմ քու նոր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւնդ եւ կ՚ու­րա­խանամ Պոլ­սոյ հայ հա­մայնքի նո­ւիրո­ւած այս գիր­քիդ հա­մար։ Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս յղա­ցար նման գիր­քի մը գա­ղափա­րը։

Ճի՛շդ ես, սի­րելի Լուսյէն, քա­նի դեռ Իս­թանպու­լա­հայ կրթա­կան կեան­քի մէջ եօթա­նասուննոց­նե­րը զգա­լի ներ­կա­յու­թիւն մըն են՝ մենք երի­տասարդ կը հա­մարուինք։ Կա­տակը մէկ կողմ, ան­շուշտ որ կը պա­հեմ կապս Պոլ­սոյ հետ. նա­խեւա­ռաջ, ըն­տա­նիքս այստեղ է։ Կը շա­րու­նա­կեմ աշ­խա­տակ­ցիլ «Արաս»ին, գիր­քեր կը հրա­տարա­կենք եւ ու­նինք նոր ծրա­գիր­ներ, որոնցմէ էր նաեւ այս մէ­կը՝ «Կա­պոյտ երազ»ը։ Գիր­քի գա­ղափա­րը ծնած էր Պո­լիս։ Յայտնի ար­ձա­կագիր Մու­րաթհան Մունկան Edebiyat Seferleri İçin Vapur Tarifeleri խո­րագ­րով կող­քի մը տակ հա­ւաքած էր թուրք գրա­կանու­թեան մէջ նա­ւու վե­րաբե­րող պատ­մո­ւածքնե­րը։ Ներշնչու­մի գլխա­ւոր ակե­րէն մէ­կը յի­շեալ հա­տորը եղած է։ Գի­տէի նաեւ որ հայ գրա­կանու­թիւնը հա­րուստ ատաղձ կրնայ մա­տակա­րարել նման հա­տորի մը հա­մար, որ վստա­հաբար պի­տի դառ­նար ըն­թերցա­սէր­նե­րու հե­տաքրքրու­թեան առար­կան։ Այդպէս ալ եղաւ… Մար­դիկ երբ կար­դան՝ կ՚ու­զեն իրենցմէ բա­ներ մը գտնել հոն՝ հա­րազատ վայ­րեր, պա­րագա­ներ, դէպ­քեր, իրենց նման ան­ձեր, մէկ խօս­քով ըն­տա­նի կեն­ցաղ մը, ծա­նօթ առօ­րեայ մը։ Կղզի­ներէ, շո­գենա­ւերէ, ծո­վէ աւե­լի ի՞նչ կայ հա­րազատ պոլ­սե­ցիի հա­մար։

 

-Ին­չո՞ւ գիրքդ հան­րա­պետա­կան շրջա­նի Պոլ­սոյ գրա­կանու­թեան եւ վայ­րե­րու մա­սին տե­ղեկու­թիւննե­րով սահ­մա­նափա­կած ես։

Սահ­մա­նափա­կուիլ անհրա­ժեշտ է ընդհան­րա­պէս, այ­լա­պէս ան­կա­րելի կ՚ըլ­լայ տե­ղաւո­րուիլ հա­տորի մը մէջ, քա­նի որ եղած նիւ­թը ահա­գին է։ ԺԹ դա­րէն շատ առաջ, նոյ­նիսկ Ոս­կե­դարէն սկսեալ, հայ գրա­կանու­թեան մէջ ներ­կայ են Իշ­խա­նաց կղզի­ները, ներ­կայ է ծո­վը, կ՚եր­թան-կու գան հոն նա­ւերը… Մաշ­տոց, Խո­րենա­ցի, Քէօմիւրճեան, Կամ­սա­րական, Բա­շալեան, Զօհ­րապ, Փա­փազեան, Օտեան, Երու­խան, թո­ւելու հա­մար ամե­նայայտնի­ները, իրենց գոր­ծե­րուն մէջ կեր­պա­րի վե­րածած են ծովն ու իր բա­ղադ­րիչնե­րը։ Դուրս ձգե­ցի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը, յու­շագրա­կան գրու­թիւննե­րը, վէ­պերէն հա­տուած­ներ չքա­ղեցի, այլ միայն պատ­մո­ւածքներ եւ միայն հան­րա­պետա­կան շրջա­նէն։ Ինչպէս ըսի՝ վերջ չու­նի նիւ­թը…

 

-Ահա­գին գրա­կան աշ­խա­տու­թիւն մըն է դէպ­քեր եւ վայ­րե­րու մա­սին պատ­մը­ւածքներ որո­նելը։ Այս աշ­խա­տու­թիւնը ինչքա՞ն տե­ւեց։

Իրա­պէս դիւ­րին չե­ղաւ։ Իս­թանպու­լա­հայ հան­րա­պետա­կան շրջա­նի գրա­կան մա­մու­լը թեր­թե­ցի, գրե­թէ ամ­բողջու­թեամբ։ Հրա­տարա­կուած պատ­մո­ւածքնե­րու հա­տոր­նե­րը աչ­քէ ան­ցուցի՝ ծո­վու, նա­ւու, կղզիի, նա­ւամա­տոյ­ցի վե­րաբե­րեալ պատ­մո­ւածք մը աչ­քէ չփախցնե­լու հա­մար։ Օրի­նակ, Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեան, հան­րա­պետա­կան շրջա­նի ամե­նաբե­ղուն գրի­չը, հո­գեբա­նական խոր­քով բազ­մա­թիւ պատ­մո­ւածքներ գրած է։ Իր­մէ գէթ հատ մը ծո­վու, նա­ւու կամ կղզիի վե­րաբե­րեալ պատ­մո­ւածք մը փնտռե­ցի ըն­դերկար, սա­կայն չկրցայ գտնել դժբախ­տա­բար։ Կամ Կո­պէլեան իր մէկ պատ­մո­ւած­քին մէջ կը խօ­սի Վա­րու­ժան Աճէ­մեանի կող­մէ գրո­ւած գոր­ծի մը մա­սին, որ կը վե­րաբե­րի կղզի մեկ­նող շո­գենա­ւու մը։ Գի­տէ՞ք ինչքան փնտռե­ցի։ Բայց ի զուր… Ոչ մէկ տեղ գտայ։ Դեռ կը փնտռեմ… Չեր­կա­րեմ. աշ­խա­տանքս մէ­կու­կէս տա­րիէ աւե­լի տե­ւեց։ Բայց զիս գո­հաց­նող հրա­տարա­կու­թիւն մը եղաւ։ Պա­կաս­ներ կա՞ն։ Վստա՛հա­բար։ Սա­կայն որ­պէս առա­ջին քայլ՝ ու­շագրաւ հա­ւաքա­ծոյ մը մէջ­տեղ ելաւ։ Ու­րիշներ վստահ եմ աւե­լի կա­տարեալ­նե­րը պի­տի ընեն։

 

-Գի­տեմ, Գնա­լը կղզի մեծ­ցած ես։ Ման­կութեան տա­րինե­րուդ կղզի­ներու պատ­մութեան եւ գրա­կանու­թեան հան­դէպ յա­տուկ թե­քում ու­նե­ցա՞ծ ես։

Ան­շուշտ։ Հօ­րենա­կան մեծ հօր­մէս սկսեալ կղզե­ցի եղած ենք։ Նախ Գնա­լը եւ ամուսնա­նալէ ետք՝ Մեծ կղզի։ Կնոջս ըն­տա­նիքը նոյնպէս հին կղզե­ցի է։ Ի տղայ տիոց ան­դամ եմ Ներ­սէ­սեան դպրաց դա­սու։ Գի­տէք, դպրաց դասս Ներ­սէ­սեան կո­չուած է՝ ապ­րեցնե­լու հա­մար Մեծն Ներ­սէս հայ­րա­պետի Կ. Պո­լիս այ­ցե­լու­թեան եւ կղզի աք­սո­րուե­լու աւան­դազրոյ­ցը։ Երա­նաշ­նորհ Մես­րոպ սրբա­զանը վայ­րե­րու եւ այդ վայ­րե­րու ան­ցեալով հե­տաքրքրո­ւելու սէ­րը դրած էր մեր մէջ։ Այդ սէ­րը տա­րինե­րու ըն­թացքին ուռճա­ցաւ եւ պտուղ տո­ւաւ…

 

-Գիրքդ գրա-գի­տական աշ­խա­տու­թիւն մըն է կրնա՞նք ըսել։ Ինչպէ՞ս նիւ­թեր կը պա­րու­նա­կէ իր մէջ։

Թե­րեւս խու­սա­փէի գոր­ծա­ծելու գի­տական մակ­դի­րը։ Բայց, այո՛, գրա­կան աշ­խա­տանք մըն է։ Գիր­քը բաժ­նո­ւած է չորս մա­սի՝ ծով, նա­ւամա­տոյց, նաւ, կղզի։ Իւ­րա­քան­չիւր բա­ժին կը բա­ցուի Արա Կիւ­լէ­րէ լու­սանկա­րով մը։ Ջա­նացած եմ ըստ կա­րել­ւոյն բազ­մա­զանու­թիւն մը ստեղ­ծել. հոն կան գրող­ներ, որոնք արե­ւելա­հայե­րէնի տա­րած­քին ծնած ու յե­տոյ հա­սած են Մար­մա­րայի ափե­րը, կան գրող­ներ, որոնք հոս ծնած ու յե­տոյ ան­ցած են Արաք­սի միւս ափը, ծա­նօթ անուննե­րու քով կան ան­ծա­նօթ կամ նո­ւազ ծա­նօթ հե­ղինակ­ներ, թէեւ հե­ղինակ­նե­րը առ­հա­սարակ մե­ռած են, բայց կայ եր­կու հե­ղինակ, որոնք դեռ կը ստեղ­ծա­գոր­ծեն, ծո­վը միայն Մար­մա­րան չէ, կղզի­ները միայն Իշ­խա­նաց կղզի­ները չեն, ծո­վափե­րը միայն կղզի­ներու չեն պատ­կա­նիր եւլն.։

 

-Սա նման պա­րու­նա­կու­թեամբ առա­ջին գիրքն է։ Ծո­վով եւ հան­րա­պետա­կան շրջա­նով սկսար։ Կրկին կղզի­ներ, ծով եւ ծո­վափ­նեայ թա­ղամա­սերու գրա­կան պատ­մութիւ­նը այս ան­գամ Օս­մա­նեան շրջա­նը վե­րամ­շա­կելով աշ­խա­տիլ կը փա­փաքի՞ս։

Պի­տի ու­զէի ան­շուշտ ի մի բե­րել կղզի­ներու վե­րաբե­րեալ յու­շագրա­կան էջեր, բա­նաս­տեղծու­թիւններ… Ինտրա, Զա­րիֆեան, Սի­պիլ, Ար­մե­նու­հի Թեր­զեան, ան­շո՛ւշտ Զահ­րատ բազ­մա­թիւ քեր­թո­ւած­ներ ու­նին։ Այս պա­րագա­յին թե­րեւս հնա­րաւոր ըլ­լայ աւե­լի լայն բա­նալ կար­կի­նը, տրո­ւած ըլ­լա­լով որ չա­փածոյ եր­կե­րը աւե­լի քիչ տեղ կը բռնեն։ Բա­ցի ծո­վու այս նիւ­թէն, կա­րելի է ի մի հա­ւաքել այլ նիւ­թեր եւս, որոնք առա­տօրէն մշա­կուած են մեր գրող­նե­րու կող­մէ։ Պէտք է մտա­ծել…

 

-«Կա­պոյտ երազ»ը միայն հա­յերէն լե­զուո՞վ պի­տի հրա­տարա­կուի։ Թրքե­րէնի ալ պի­տի թար­գա­մէ՞ք։

Նպա­տակ կայ «Կա­պոյտ երազ»ը եթէ ոչ ամ­բողջու­թեամբ, բայց մեծ մա­սամբ թարգմա­նել թրքե­րէնի՝ հա­տորը հա­մալ­րե­լով նաեւ այլ հե­ղինակ­նե­րու գոր­ծե­րով։ Այ­սինքն հրա­տարա­կել տար­բե­րակ մը… Տես­նե՛նք…

 

Շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեմ ձե­զի եւ «Արաս» հրա­տարակ­չութեան, որ անշքա­ցած Պոլ­սոյ գրա­կանու­թեան նոր փա­րոս­նե­րը դար­ձաք։

 Նիւթը՝ «Ակօս»էն