image

Պոլիս.PKK-ի Կողմէ Պատրաստուած Լարուած Ուժանակ Մը Յայտնաբերուեցաւ

Պոլիս.PKK-ի  Կողմէ Պատրաստուած  Լարուած Ուժանակ  Մը Յայտնաբերուեցաւ

 Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)  Պոլսոյ  մէջ    PKK-ի  կողմէ պատրաստուած   ուժանակ մը  յայտնաբերուած է: Այս  մասին լուրը կը փոխանցէ «Տէյլի Սապահ»ը: Իշխանական թերթը նաեւ կը գրէ, որ   ուժանակը  «պահուած»  եղած է Պոլսոյ    Պաշաքշէհիր շրջանի տան մը մէջ  գտնուող ճնշեփի մը մէջ: Ուժանակին կողքին  յայտնաբերուած են  նաեւ այլ պայթուցիկ  նիւթեր: