image

Փաքիստան- Հնդկաստան լարուածութիւն.Գրանցուած են կրակոցներ

Փաքիստան- Հնդկաստան լարուածութիւն.Գրանցուած են կրակոցներ

Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի զինուորականները իրար ուղղութեամբ կրակոցներ արձակած են Քաշմիրի վերահսկողութեան սահմանապահ գիծին մէջ։ 

«Վերահսկողութեան գիծի որոշ վայրերու մէջ Փաքիստանի նախաձեռնութեամբ կրակ արձակուած է հրազէնով, - PTI գործակալութեան յայտնած է աղբիւրը։ - Գնդակոծութիւններուն տրուած է արդիւնաւէտ պատասխան»։

Զոհերու մասին տեղեկաւութիւն չէ տրուած։

Ինչպէս նշած է PTI-ը, Փաքիստանի բանակի կողմէ գնդակոծութիւնը տեղի ունեցած է երկու կողմերու միջեւ լարուածութեան աճի լոյսին տակ՝ Փահալկամի մէջ իրականացուած ահաբեկչական յարձակման պատճառով, որու հետեւանքով զոհուած է 26 խաղաղ բնակիչ։

Ահաբեկչական յարձակումէն ետք տարածաշրջանին մէջ կ՚իրականացուին նաեւ հակաահաբեկչական գործողութիւններ։ Ինչպէս յայտնած են Հնդկաստանի ուժային կառոյցները, անցած գիշեր տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն ահաբեկիչներու եւ անվտանգութեան ուժերու միջեւ:

Հնդկաստանի Փահալկամ քաղաքին մէջ առնուազն 26 մարդու կեանք խլած ահաբեկչական յարձակումէն ետք երկրի իշխանութիւնները յայտնած են Իսլամապատի մէջ ռազմական կցորդները ետ կանչելու, դիւանագիտական անձնակազմի թիւը կրճատելու, 60 տարի առաջ ստորագրուած գետի համատեղ օգտագործման մասին պայմանագրի գործողութիւնը կասեցնելու, ինչպէս նաեւ Փաքիստանի հետ ցամաքային անցակէտը փակելու մասին։

Ի պատասխան՝ Փաքիստանը փակած է Հնդկաստանի հետ սահմանին գտնուող «Վակահ» անցակէտը, ինչպէս նաեւ իր օդային տարածքը հնդկական եւ Հնդկաստանի սեփականութիւն հանդիսացող օդանաւային ընկերութիւններու համար։ Բացի այդ, Իսլամապատը կասեցուցած է Հնդկաստանի հետ գործող բոլոր երկկողմ համաձայնագրերը։ 

Հնդկաստանը եւ Փաքիստանը իւրաքանչիւրը կը վերահսկեն Քաշմիրի մէկ հատուած։ Հնդկաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածին մէջ զինեալները դեռ 1989 թուականէն կը պայքարին Նիւ Տելիի կառավարութեան դէմ։ Իրավիճակն աւելի սրած է այն բանէ ետք, երբ 2019 թուականին Հնդկաստանը Քաշմիրը զրկեց կիսաինքնավար կարգավիճակէն։