Թուրքիա- Պոլսոյ Պաքըրքէօյ շրջանին մէջ տարի ետք 171 տարի առաջ Տատեաններու հիմնադրած հայկական դպրոցը պիտի վերաբացուի:Այս մասին «Անատոլու»ին պատմած է Պոլսոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահը: Մէսութ Օզտէմիր նաեւ ըսած է, որ հայկական նոր դպրոցին բացումը եղած է իր կեանքի երազանքը: Անիր խորին շնորհակալութիւնները յայտնած է տեղի մարմիններուն, քաղաքապետարանին եւ համայնքի բարերերարներուն: Ըստ Օզտէմիր դպրոցը կարողութիւնը պիտի ունենայ ընդունելու մինչեւ 500 աշակերտներ: Գործակալութիւնը նաեւ կը նշէ, որ սա առաջին դպրոցն է որ կը կառուցուի հանարպետական Թուրքիոյ հիմնումէն ի վեր: Ըստ գործակալութիւն մինչեւ այս վարժարանին բացուիլը Պոլսոյ մէջ բացուած են հայկական դպրոցներ բայց անոնք չեն ունեցած իրաւական հիմք մինչ այս դպրոցը կառուցելու իրաւական որոշումը տրուած է վարչապետարանին կողմէ: Ըստ աղբիւրին Պոլսոյ մէջ այսօր կը գործեն փոքրամասնութիւններու յատկացուած 22 վարժարններ որոնց 5-ը յոյներուն, 1-ը հրեաներուն եւ 16-ը հայերուն կը պատկանի: Վերջին տուեալներուն համաձայն այսօր Պոլիսը ունի 3000 հայ աշակերտներ: Օզտէմիր նաեւ նշած է, որ դպրոցը ունի արդիական յարմարանքներ ինչպիսին են հանդիսութիւններու դահլիճ եւ մարզասրահ: Կը հաղորդուի, որ Տատեան նորակառոյց վարժարանի բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ 28 Սեպտեմբերին