image

PKK-ն Ծրագրած է STINGER Տիպի Հրթիռներ Ստանալ Միացեալ Նահանգներէն

PKK-ն   Ծրագրած  է  STINGER  Տիպի Հրթիռներ Ստանալ Միացեալ Նահանգներէն

 Թուրքիա-  («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Daily   sabah Turkey օրաթերթը կը տեղեկացնէ,  թէ PKK-ն կը ծրագրէ STINGER տիպի հրթիռներ ստանալ Միացեալ Նահանգներէն: PKK-ն նոյնիսկ դիմած է իր քոյր կազմակերպութեան (Սուրիական Քրտական Տէմոքրաթիք միացեալ խմբաւորում PYD)ին, որպէսզի այդ  հրթիռները Միացեալ Նահանգներէն ստանալու պատուէր ներկայացնէ:PKK-ն,  PYD-ին օգտագործելով կը փորձէ ապահովել հրթիռները Միացեալ Նահանգներէն,  երբ վերջին երեք ամիսներու տեւողութեան, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հակամարտութիւններուն ընթացքին երկու հազար զինեալ կորսնցուց:Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, երբ PYD-ն այս հրթիռները փոխանցէ PKK-ին, սոյն կազմակերպութիւնը փոխադրելի այս հրթիռները պիտի գործածէ կրակելով գետնի վրայէն բեռնատարներու վրայ բեռցուած վիճակով կամ ուղաթիռներով, ընդդէմ Թրքական F-16 մարտական ինքնաթիռներուն:PYD-ին արդէն խնդրած է Միացեալ Նահանգներէն հրթիռները փոխադրել, տեղեկացնելով թէ խմբաւորումը այս հրթիռները պիտի օգտագործէ Ասատի տիրապետութեան օդային զարկերէն պաշտպանուելու, մինչ այդ ISIS չունի պատերազմական ինքնաթիռներ:  Միացեալ Նահանգներու պաշտօնէութիւնը տակաւին չեն արձագանգած PYD-ի պահանջքին:Բացայայտ է, որ Միացեալ Նահանգները զինամթերք եւ զէնքեր կ'առաքէ PYD-ին ISIS-ի ընդդէմ պաշտպանուելու եւ  տարբեր  աղբիւրներ կ'իմացնեն թէ PKK-ն պիտի օգտուի Միացեալ Նահանգներու PYD-ին շնորհած աջակցութենէն: 24 Յունիսին երբ թրքական զօրքերու օդային զինուժը հիւսիսային Իրաքի մէջ կը ռմբակոծէր  PKK-ի զինանոցները, պարզուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ զէնքեր ուղարկուած են PYD-ին: