Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Daily sabah Turkey օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ PKK-ն կը ծրագրէ STINGER տիպի հրթիռներ ստանալ Միացեալ Նահանգներէն: PKK-ն նոյնիսկ դիմած է իր քոյր կազմակերպութեան (Սուրիական Քրտական Տէմոքրաթիք միացեալ խմբաւորում PYD)ին, որպէսզի այդ հրթիռները Միացեալ Նահանգներէն ստանալու պատուէր ներկայացնէ:PKK-ն, PYD-ին օգտագործելով կը փորձէ ապահովել հրթիռները Միացեալ Նահանգներէն, երբ վերջին երեք ամիսներու տեւողութեան, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հակամարտութիւններուն ընթացքին երկու հազար զինեալ կորսնցուց:Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, երբ PYD-ն այս հրթիռները փոխանցէ PKK-ին, սոյն կազմակերպութիւնը փոխադրելի այս հրթիռները պիտի գործածէ կրակելով գետնի վրայէն բեռնատարներու վրայ բեռցուած վիճակով կամ ուղաթիռներով, ընդդէմ Թրքական F-16 մարտական ինքնաթիռներուն:PYD-ին արդէն խնդրած է Միացեալ Նահանգներէն հրթիռները փոխադրել, տեղեկացնելով թէ խմբաւորումը այս հրթիռները պիտի օգտագործէ Ասատի տիրապետութեան օդային զարկերէն պաշտպանուելու, մինչ այդ ISIS չունի պատերազմական ինքնաթիռներ: Միացեալ Նահանգներու պաշտօնէութիւնը տակաւին չեն արձագանգած PYD-ի պահանջքին:Բացայայտ է, որ Միացեալ Նահանգները զինամթերք եւ զէնքեր կ'առաքէ PYD-ին ISIS-ի ընդդէմ պաշտպանուելու եւ տարբեր աղբիւրներ կ'իմացնեն թէ PKK-ն պիտի օգտուի Միացեալ Նահանգներու PYD-ին շնորհած աջակցութենէն: 24 Յունիսին երբ թրքական զօրքերու օդային զինուժը հիւսիսային Իրաքի մէջ կը ռմբակոծէր PKK-ի զինանոցները, պարզուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ զէնքեր ուղարկուած են PYD-ին: