Կառավարութեան որոշմամբ պիտի ներուին Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած այն անձանց վարկերը, որոնք Հայաստանի դրամատուներէն ստացած են ոսկիի գրաւադրմամբ։ Համապատասխան որոշումն ընդունուած է կառավարութեան ապրիլ 4-ի նիստին։
Ֆինանսներու նախարար Վահէ Յովհաննիսեանի խօսքով՝ որոշումը կը վերաբերի ոսկիով ապաhովուած 6 000 վարկերու: Նախագիծով որոշուած է ներել մինչեւ 5 միլիոն դրամի մնացորդային վարկերը։ 6 000 վարկերու էական մասը մինչեւ 500 000 դրամի չափով են։
Վարկառուները կրնան պարտքի ներման համաձայնագիր կնքել։ Անհրաժեշտ է դիմել ֆինանսներու նախարարութիւն, որմէ ետք կը կազմակերպուի ոսկիներու ետվերադարձը։