image
Հրատապ լուրեր:

Ֆլորիտայի մէջ. Թրամբի օդանաւը «զառնուած» է մէկ այլ օդանաւի

Ֆլորիտայի մէջ. Թրամբի օդանաւը «զառնուած» է մէկ այլ օդանաւի

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի մասնաւոր Boeing 757 օդանաւը Ֆլորիտայի West Palm Beach միջազգային օդակայանին մէջ բախած է մէկ այլ օդանաւի, յայտնած են Reuters-ը եւ CNBC-ն՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։

Ըստ լրատուամիջոցներու՝ միջադէպը տեղի ունեցած է մայիս 12-ի գիշերը։

Դաշնային օդային երթեւեկութեան վարչութիւնը հաստատած է, որ մասնաւոր Boeing 757-ը թեւով հարուածած է կայանած օդանաւին: Սակայն գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ չէ նշուած, թէ որու կը պատկանի օդանաւը: Վարչութիւնը հետաքննութիւն սկսած է։

Reuters-ը գրած է, որ Տանըլտ Թրամփ 2010 թուականին 100 միլիոն տոլարով ձեռք բերած է Boeing 757-ը: Օդանաւը վերափոխուած է յատուկ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահի համար. այն յագեցած է երկու հանգիստի սենեակով, երեք լոգասենեակով, ճաշասենեակով եւ ժողովի սենեակով։ Ինչպէս նշած է The Telegraph-ը, Թրամփի հրամանով օդանաւի թողունակութիւնը կրճատուած է հինգ անգամ՝ 239-էն հասնելով 43 ուղեւորի նստատեղի։