image

Պիլ Կէյթց կը զգուշացնէ. «Նոր համավարակ մը կրնանք ունենալ»

Պիլ Կէյթց կը զգուշացնէ. «Նոր համավարակ մը կրնանք ունենալ»

 ««Քովիտ-19»-ի    (թագաժահր) վտանգները արդէն նուազած են, բայց աշխարհին կը սպասուի նոր տեսակի համաճարակ մը»,-    օրերս այսպէս յայտարարած  «Microsoft» ընկերութեան հիմնադիր, միլիառատէր՝ Պիլ Կէյթց Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս ամերիկեան «CNBC» գործակալութեան  իր տուած հարցազրոյցի ժամանակ: 

Ըստ Կէյթցին՝ աշխարհը ականատես պիտի ըլլայ մէկ այլ համաճարակի, եւ  այդ համաճարակը պատճառ պիտի դառնայ ուրիշ տեսակի հիւանդութեան մը: 

Կէյթց նշած է նաեւ թէ բժշկական ներկայ արհեստագիտութիւններու ճիշդ օգտագործումը, առիթ պիտի ընձեռնէ աշխարհին դիմագրաւելու յառաջիկայ նոր համաճարակը: «Եթէ տրամաբանական արձագանգ ըլլայ գալիք նոր համաճարակին, ուրեմն այնքան ալ կանուխ չենք ենթարկուիր անոր, հետեւաբար չի դառնար համաշխարհային համաճարակ, ինչպէս եղաւ այս անգամ» ըսած է Կէյթց։

Իսկ այն հարցին, թէ կարելի է՞ բոլորովին կանխել ուրիշ համաճարակ մը, Կէյթց պատասխանած է, «Եթէ իւրաքանչիւր երկիր ընէ այն ինչ ըրաւ Աւստրալիան, արդէն համաճարակ  պիտի չտեսնենք»:

Յիշեցնենք, որ Պիլ Կէյլթս «Քովիտ-19»-ի համաճարակի շրջածիրէն  ներս դարձաւ յայտնի դէմք մը ,  եւ ան միլիոններ ներդրում  կատարեց  համավարակին դէմ  պատուաստներ  ստեղծելու առընթեր։  Կէյթց  2015-ին կանխագուշակած էր, որ աշխարհը պիտի դիմագրաւէ   արագ  տարածուող ժահր մը:

Ի դէպ Կէյթց հեռատեսիլային եթերով նախապէս ալ յայտարարած էր, որ «աշխարհը պատրաստ չէ յաջորդ համաճարակին»։

Աւելի վաղ, Կէյթց անդրադառնալով իր նոր գրքին յայտարարած էր, որ ան կը բացայայտէ իր տեսակէտները, թէ ինչպէս կարելի է կանխել յառաջիկայ համաճարակը, ինչպէս նաեւ կը քննարկէ, թէ ինչպէս ինք  ան  դարձած էր «դաւադրութեան տեսութիւններ»ու    թիրախը  համացանցի հարթակներով, որոնք  կ'ըսէին, որ ան կը շահագործէ «Քորոնա»յի պատուաստները խելացի մանրաքարտ մը ներարկելու համար մարդոց  մարմիններուն մէջ։

 

 «Արեւելք» նիւթը  քաղած է  Lebanon 24-կայքէն։