image

Յունուարին արդէն կրնանք քաղաքական միաւորի գործընթացը սկսիլ․ Նարեկ Կարապետեան

Յունուարին արդէն կրնանք քաղաքական միաւորի գործընթացը սկսիլ․ Նարեկ Կարապետեան

Գիւմրին շատ կարեւոր քաղաք է մեզի ու Հայաստանի համար։ Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսած է «Մեր ձեւով» շարժման համակարգող Նարեկ Կարապետեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչու շարժումը իր առաջին գրասենեակը բացած է Գիւմրիի մէջ։

«Այս պահին աշխատում ենք «Վառեմ-մարեմ»-ի շէնքի վրայ, որից յետոյ կը ներկայացնենք մեր յետագայ քայլերը»,- նշած է Կարապետեան։

Ան նաեւ յայտնած է քաղաքական սպասուող իրադարձութեան մասին։ «Կարծում ենք՝ յունուարին արդէն կարող ենք քաղաքական միաւորի մասին գործընթացը սկսենք»,- ըսած է Նարեկ Կարապետեան։