Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Փրակի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս ան համաշխարհային առաջնորդներու հետ խոսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նկատմամբ անոնց սխալ վերաբերմունքի մասին։
«Փրակի մէջ որու հետ ալ խօսած եմ, բոլորը Փութինի դէմ էին: Ես անոնց բոլորին ըսի, որ սխալ է իրենց այդ մօտեցումը: Եթէ դուք սխալ մօտեցումներ ցուցաբերէք Ռուսիոյ նման պետութեան նկատմամբ, ան (Փութինը) պիտի հաստատուի որպէս առաջնորդ՝ առանց ճնշուած զգալու…. Ռուսիոյ նման աշխարհի ամենայարգուած երկիրներէն մէկուն դէմ եղած յարձակումներուն ի տես դուք կը կանգնի՞ք եւ այո՛ կ'ըսէ՞ք: Այդ անհնար է»,-ըսած է Էրտողան A Haber հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ։
Թուրքիոյ առաջնորդը նաեւ ըսած է, որ Փութին այն քաղաքական գործիչը չէ, որ «ետքայլ կ'ընէ, երբ իր վրայ ճնշում գործադրուի»։