image

Փութինին հանդէպ սխալ կը վարուին. Էրտողանէն սլաք

Փութինին հանդէպ սխալ կը վարուին. Էրտողանէն սլաք

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Փրակի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս ան համաշխարհային առաջնորդներու հետ խոսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նկատմամբ անոնց սխալ վերաբերմունքի մասին։

«Փրակի մէջ որու հետ ալ  խօսած եմ, բոլորը Փութինի դէմ էին: Ես անոնց բոլորին ըսի, որ սխալ է իրենց այդ մօտեցումը: Եթէ դուք սխալ մօտեցումներ ցուցաբերէք Ռուսիոյ նման պետութեան նկատմամբ, ան (Փութինը) պիտի հաստատուի որպէս առաջնորդ՝ առանց ճնշուած զգալու…. Ռուսիոյ նման աշխարհի ամենայարգուած երկիրներէն մէկուն դէմ եղած յարձակումներուն ի տես դուք կը կանգնի՞ք եւ այո՛ կ'ըսէ՞ք: Այդ անհնար է»,-ըսած է Էրտողան A Haber հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ։

Թուրքիոյ առաջնորդը նաեւ ըսած է, որ Փութին այն քաղաքական գործիչը չէ, որ «ետքայլ կ'ընէ, երբ իր վրայ ճնշում գործադրուի»։