Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին աշխատանքային հանդիպում ունեցած է Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար Լի Շանֆուի հետ, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը՝ յղում ընելով Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովին։
«Փութին աշխատանքային հանդիպում ունեցած է Չինաստանի պետական խորհրդական, Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար Լի Շանֆուի հետ», -ըսած է Փեսքով, նշելով, որ Փութին հանդիպման ժամանակ ըսած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը եւ Չինաստանը աշխուժօրէն կը համագործակցին ռազմական գերատեսչութիւններու միջոցով եւ պարբերաբար տեղեկատւութիւն կը փոխանակեն։
«Մենք աշխուժօրէն կ'աշխատինք ռազմական գերատեսչութիւններու միջոցով, պարբերաբար մեզի համար օգտակար տեղեկութիւններ կը փոխանակենք, կը համագործակցինք ռազմատեխնիկական ոլորտի մէջ, համատեղ վարժանքներ կ'իրականացնենք Հեռաւոր Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ, Եւրոպայի մէջ, ե՛ւ ծովու, ե՛ւ ցամաքի, ե՛ւ օդի մէջ»,-ըսած է Փութին:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար Լի Շանֆուն Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկուի հրաւէրով ապրիլ 16-19-ը պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Ռուսիա:
Ըստ լրատուամիջոցներու` Փեքինին Սու-35 կործանիչներու եւ Ս-400 համալիրներու վաճառքի գործարքի պատասխանատուն նոյնինքը՝ Լի Շանֆուն է: