image

Փութին յայտարարած է Քիեւի հետ առանց նախապայմաններու երկխօսութեան պատրաստակամութեան մասին

Փութին յայտարարած է Քիեւի հետ առանց նախապայմաններու երկխօսութեան պատրաստակամութեան մասին

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիվըն Ուիտքոֆի հետ հանդիպման ժամանակ հաստատած է Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը բանակցութիւններ վարելու Ուքրանիոյ հետ առանց նախապայմաններու, յայտնած է Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով։

«Երէկ Թրամփի դեսպան Ուիթքոֆի հետ զրոյցի ժամանակ Վլատիմիր Փութինը կրկնած է, որ ռուսական կողմը պատրաստ է վերսկսիլ բանակցային գործընթացը Ուքրանիոյ հետ առանց որեւէ նախապայմանի»,-ըսած է մամուլին Փեսքով։

Փութին եւ Ուիթքոֆ բանակցութիւններ վարած են ուրբաթ կէսօրին Քրեմլինի մէջ։

Բանակցութիւններուն մասնակցած են նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը եւ Ռուսիոյ ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամի ղեկավար Քիրիլ Տմիթրիեւը։

Ինչպէս հանդիպումէն յետոյ նշած է Ուշաքով՝ «երեք ժամ տեւած հանդիպումը կառուցողական ու օգտակար էր»։

Կողմերը քննարկած են Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու վերսկսման հնարաւորութիւնը։

Բացի այդ, բանակցութիւնները հնարաւորութիւն տուած են աւելի մերձեցնել Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի դիրքորոշումները ոչ միայն հակամարտութեան կարգաւորման, այլեւ միջազգային այլ հարցերու վերաբերեալ։ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի, աւելցուցած է նախագահի օգնականը։