image
Հրատապ լուրեր:

Կորիզային պատերազմը բացառուած է. Այս մասին խօսած են Պայտըն եւ Փութին

Կորիզային պատերազմը բացառուած է. Այս մասին խօսած են Պայտըն եւ Փութին

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյց ունեցած են Նոր տարուայ նախաշեմին: Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքովի խօսքով՝ նախագահներուն զրոյցը «լուրջ» ստացուած է:

Ուշաքովի խոսքով՝ Փութին նախազգուշացուցած է ամերիկացի գործընկերը, որ նոր «աննախադէպ» հակառուսական պատժամիջոցներու սահմանումը կրնայ յանգեցնել երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու լիակատար խզման: Պայտըն խոստացած է Ուքրանիոյ մէջ հարուածային յարձակողական սպառազինում չտեղակայել, ինչպէս նաեւ յայտարարած է միջուկային պատերազմի անթոյլատրելիութեան մասին:

Կը նշուի, որ Փութին մանրամասն ներկայացուցած է անվտանգութեան երաշխիքներու հարցով Մոսկուայի առաջարկներու հիմնական սկզբունքները՝ ընդգծելով, որ Ռուսաստանին արդիւնք է պէտք: 

Պայտընը, իր հերթին, յորդորած է ռուս գործընկերոջ քայլերու ձեռնարկել՝ մեղմացնելու ռուս-ուքրանական սահմանին ստեղծուած լարուածութիւնը՝ նախազգուշացնելով, որ կրնայ յանգեցնել կոշտ տնտեսական հետեւանքներու: