image

Փութին պիտի առաջադրուի 2024-ի ընտրութիւններուն. Reuters

Փութին պիտի առաջադրուի 2024-ի ընտրութիւններուն. Reuters

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը որոշած է մասնակցիլ մարտին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք յաղթելու պարագային իշխանութեան ղեկին կը մնայ մինչեւ 2030 թուականը. այս մասին գրած է Reuters-ը՝ վկայակոչելով 6 աղբիւր: 

Անոնց հաղորդմամբ՝ Քրեմլի ղեկավարը կը կարծէ, որ ինքը պէտք է Ռուսիան առաջնորդէ վերջին տասնամեակներու ամենավտանգաւոր ժամանակաշրջանին:

Աղբիւրները, որոնք անանուն մնալու պայմանով զրուցած են Reuters-ի հետ, ըսած են, որ Փութինի խորհրդականներն այժմ կը պատրաստուին քարոզարշաւին:

«Որոշումն ընդունուած է՝ ան պիտի առաջադրուի», -ըսած է աղբիւրներէն մէկը։ Մէկ այլ աղբիւր ըսած է, որ որոշման մասին պիտի յայտարարուի քանի մը շաբթուան ընթացքին:

Քրեմլէն հերքում

ԹԱՍՍ-ն իր հերթին գրած է, որ Քրեմլի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, մեկնաբանելով այս տեղեկութիւնը, ըսած է, որ Փութինը դեռ չէ յայտարարած իր թեկնածութիւնն առաջադրելու մասին:

«Փութինը դեռ որեւէ յայտարարութիւն չէ ըրած այս հարցի վերաբերեալ, քարոզարշաւի մասին դեռ պաշտօնապէս չէ յայտարարուած», -ըսած է Քրեմլի խօսնակը: