«Լուսաւոր Հայաստան»ը պիտի մասնակցի առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Այս մասին կուսակցութեան յոբելենական համագումարի ժամանակ յայտարարած է կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեանը։
«Առաջիկայում սպասւում են ընտրութիւններ եւ ես այժմ բաց քուէարկութեամբ դնում եմ հետեւեալ հարցը՝ լիազօրել կուսակցութեան ղեկավարութեանը՝ սկսել նախապատրաստական աշխատանքներ եւ սկսել բանակցութիւններ աւելի խոշորոցաուած, աւելի ուժեղ բեւեռներով մասնակցելու ընտրութիւններին։ Մեծամասնութիւնդ կողմ քուէարկեց, ինչը նշանակում է՝ մենք մասնակցելու ենք ընտրութիւններին»,-ըսած է Մարուքեանը։
Էտմոն Մարուքեանի խօսքով, առաջին հերթին կարեւոր է, որ քաղաքացիները մասնակցին առաջիկայ ընտրութիւններուն, քանի որ այն տեղամասերուն մէջ ուր կայ 50+ մասնակցութիւն, ՔՊ-ն կը պարտուի։
«Երկրորդ, պէտք է ընդդիմադիր ուժերը խոշորացուեն եւ միասին մասնակցեն ընտրութեան։ Իշխանութիւնն իր ամբողջ արածով մաքսիմում ունի 40 տոկոս ձայն, այն էլ եթէ մասնակցութիւնը ցածր է, իսկ եթէ մասնակցութիւնը բարձր լինի, աւելի ցածր կը լինի տոկոսը։ Այսինքն շուրջ 60 տոկոս հակառակ կարծիք ունեցող մարդ կայ, ընդդիմադիր դաշտը պէտք է հանդէս գայ խոշոր բեւեռներով։ Խոշոր ուժերի մասնակցութեամբ իշխանութիւնը կը պարտուի եւ խոշոր ուժերը կը ձեւաւորեն իշխանութիւն»։