Քրեմլինի խօսնակը յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ պիտի ընդունի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը։ Տմիթրի Փեսքովի խօսքով՝ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբթուան առաջին կէսին։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահի խօսնակը յայտարարած էր, որ ռուս-ուքրանական կարգաւորման ամերիկեան ծրագիրի հիմնական կարգաւորումները, որոնք քննարկուած են Ժընեւի մէջ՝ Քիեւի, Ուաշինկթընի եւ եւրոպական կողմի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, փոխանցուած են Մոսկուային:
Տմիթրի Փեսքովի խօսքով՝ բոլորն ալ կը նախընտրեն խաղաղ կարգաւորում տեսնել: Ան աւելցուցած է, որ խաղաղութեան ծրագիրի բոլոր դրոյթները, անոնց կարգին՝ տարածքներու հարցը, մանրամասն պիտի քննարկուին, սակայն Մոսկուան չի ցանկար այդ մասին հրապարակաւ խօսիլ:
Վլատիմիր Զելենսքի եւս յայտնած է, որ յաջորդ շաբաթ ինք եւ իր անձնակազմը հանդիպումներ պիտի կատարեն արեւմտեան դաշնակիցներուն հետ: Ուքրանիոյ նախագահը շեշտած է, որ այժմ իրաւունք չունին կորսնցնելու միասնութիւնը եւ տարուելու Մոսկուայի սադրանքներով: