Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մտադիր է մասնակցիլ ուրբաթ՝ 28 հոկտեմբերին, ՀԱՊԿ առաջնորդներու հանդիպման։ Այս մասին յայտարարած է Քրեմլինի ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքով։
«Այո, ան կը ծրագրէ»,- ըսած է Փեսքով՝ պատասխանելով հարցին՝ արդեօք ՌԴ նախագահը պիտի մասնակցի նստաշրջանին։
Նշենք, որ 28 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ ՀԱՊԿ արտահերթ նիստ, ուր պիտի քննարկուի Հայաստանին տրամադրուող օգնութիւնը։ Նստաշրջանի ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել 2022 թուականի 15 սեպտեմբերին ՀԱՊԿ ՀԱԽ-ի որոշմամբ Հայաստան ուղարկուած ՀԱՊԿ առաքելութեան աշխատանքի արդիւնքները՝ կապուած հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի սրման հետ։ Կը սպասուի նաեւ, որ կը քննարկուին Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւն ցուցաբերելու համատեղ միջոցները։