Սուրիա -(«Ալ Ժատիտ»-Պէյրութ) Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին Վիեննայի միջուկային բանակցութիւններուն համաժամանց, Մոսկուայի, Թեհրանի եւ Դամասկոսի միջեւ խորհրդակցութիւնները տեղի կ'ունենային, Իրանցիները ըսին, թէ իրենք ամէն ինչ որ կրնային տուած են Սուրիական տիրապետութիւնը պաշտպանելու «բայց գետնի վրայ դէպքերը բարենպաստ չեն, Սուրիական զօրքը կը յոգնի, վառելանիւթի հսկայ եւ բարձրացող նուազում կայ: Վտանգը կը մեծնայ»:
Ըստ « Ալ Սաֆիր»ի, Անցեալ գարնան աւարտին, Իրանեան Հանրապետութեան առաջնորդ՝ Ալի Խամէնիյի բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն ուղարկած է Մոսկուա:
Այդ այցելութեան որպէս արդիւնք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիայ մտնելու սկզբնական որոշում առաւ, սակայն ժամանակ ուզեց գործառնական հարցերը ուսումնասիրելու:
Խամէնիյի «Ֆէյլաք Գուտս»ի առաջնորդ, գնդապետ Գասէմ Սուլէյմանին ուղարկեց Մոսկուա եւ այցը եղաւ բացարձակ գաղտնապահութեամբ պարուրուած առաջին Ռուսերը յանձնաժողով մը յառաջացուցին, որու պարտականութիւնն էր արժեւորել Սուրիոյ վիճակը քաղաքական, զինուորական բոլոր տեսանկիւններէն: Ասոր զուգահեռ, Իրանցիները նաեւ իրենց առաջնորդին գրասենեակին դիմաց դրին իրենց ամփոփումը: Մոսկուայի եւ Իրանի եզրակացութիւնները կարգ մը կէտերով համաձայն գտնուեցան, մինչ այն որոշումը թէ Սուրիական բանակը «Կարողութիւն ունի կենսական շրջաններու մէջ նախաձեռնութեան սանձերը պահել» յատկապէս, որ ահաբեկչական խմբաւորումները «կը տիրապետեն դասակարգուած շրջաններուն վրայ 50% տոկոսով, իսկ անապատային կամ անապատանման շրջանները զինուորական կամ ռազմավարական տեսանկիւնէն արժէք չեն ներկայացներ»:
Թերթը շարունակելով գրած է, թէ միացեալ եզրակացութիւններն էին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատ տակաւին կը տիրապետէ զինուորական եւ ապահովական կեդրոններուն մեծամասնութեան եւ զանոնք կը պահէ նախկինէն աւելի ամուր: Հակառակ անոր, որ իրանցիները որեւէ ժամանակ խանդավառ չէին «ազգային պաշտպանութեան» միլիցով, որուն դիմած էին թեթեւցնելու զինուորական հիմնարկներու վրայ եղող ճնշումը:
Անցնող 26 Յուլիսին Քասէմ Սուլէյմանի Մոսկուա կը հասնէր ու զինք օդանաւակայանէն ինքնաշարժ մը կը փոխադրէր Գրեմլին, ուր կը հանդիպէր Վլատիմիր Փութինին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սէրքէյ Շէյկոյին եւ կարգ մը մեծ զինուորականներու , այս նիստը կը կոչուի «քարտէսներու նիստ», ըլլան անոնք սեղանին վրայ, թէ հսկայ պաստառներու վրայ ցուցադրուած: Այս քարտէսները չբացառեցին Սուրիոյ անկիւնները, սահմանները, պետութեան տիրապետութեան տակ, զինեալներուն բաժանման քարտէսը, յատկապէս թրքական, լիբանանեան, յորդանանեան, իրաքեան եւ պաղեստինեան սահմաններուն մօտ: Ռազմավարական որոշումներուն մեծ մասը առնուած է այդ նիստին, եզրակացնելով, որ երկու երկիրներու կողմէ զինուորականներ հը համադրեն Սուրիական կանոնաւոր ուժերուն հետ բոլոր դաշտային տուեալները:
26 Յուլիսին, երբ Սուլէյմանի օդանաւը կը հեռանար ռուսական երկնակամարէն, Սուրիոյ նախագահ Ասատ, նոյն օրը Դամասկոսի «Քասըր Ալ Շահըպ»ի մէջ երեւալով, իր նշանաւոր յայտարարութեամբ կը բացատրէր, թէ զօրքը յոգնած է եւ մարդկային ուժի նուազում ունի, բայց կարողութիւն ունի ահաբեկչութեան յաղթել: Այս երեւումը նախաբան էր այն նամակին, զորս Սուրիական ղեկավարութիւնը ուղղեց Ռուսական իշխանութեան պահանջելով անոր միջամտութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, մինչ ամիս ու կէս անցած էր ռուսական միջամտութեան Րիատի մէջ Իշխան Մուհամէտ Պըն Սալմանի հետ երկխօսութեան կայանները բանալու, զօրավար Ալի Մէմլուքի այցելութեան ընդմէջէն: Որը կը բացայայտէր, թէ Սուրիան ուզեց հրապարակախօսական ձեւով օգտագործել եւ հրահրեց Սէուտտցիները, յատկապէս Մոհամմէտ Պըն Սալմանը, որ յայտարարեց թէ ասկէ ետք կը մերժէ ձեռքը դնել Սուրիական իշխանութիւնը ներկայացնող որեւէ անձի ձեռքի մէջ:
Այս ընթացքին Մոսկուան նաւթային բեռնատար մը ուղարկած էր Լաթաքիա, սուրիական նաւթի նախարարութեան խնդրանքին ընդառաջելով:
2015-ի Օգոստոս ամսուան սկիզբը Տաուհայի ժողովներուն, Քերիի եւ Լաւրովի ներկայութեամբ Իրանցիներու ներկայացուցածը կը խաչաձեւուէր Քաթարցիներուն եւ Սէուտցիներուն տուեալներուն հետ: Խալէտ Աթիա եւ Ատէլ Ժուպէյր վաւերական տեղեկութիւններ ներկայացուցին թէ, Հոմս, Հալէպ եւ Դամասկոս վտանգի տակ են եւ իշխանութեան անկումը ժամանակի հարց է, հետեւաբար ռուսերը ասոր հիման վրայ գործեն:
Իրանցիներու, ռուսերու եւ կարգ մը եւրոպական աղբիւրներու մօտ տեղեկութիւներ հասան թէ, թրքական գործողութեան «սենեակ» կը պատրաստուի յարձակելու Հալէպի եւ Հոմսի վրայ մինչեւՊէյրութ-Դամասկոս ճամբան կտրելու «նախաբանը Սուրիական մայրաքաղաքի վրայ լայնածաւալ արշաւանքին եւ ներխուժումը կատարելու հոկտեմբերին, նաեւ ընդարձակ յարձակումով տիրապետել Հոմսին եւ Ալ Ղապի տափաստանը մտնելու, հոնկէ բաժանուած ծովեզերեայ Լաթաքիա քաղաք»:
Իրանեան, ռուսական, սուրիական խորհրդակցութիւնները խտացան, յատկապէս զինուորական մակարդակով (փոխադարձ այցելութիւններ պատուիրակութիւններու), այս ընթացքին ռուսական հիմնարկներու մէջ բանավէճը ծայր տուած էր, Սուրիա մտնելու որոշումը թարգմանելու: Փութին, Օգոստոս ամսուան կիսուն, Ռուսիոյ ապահովական խորհուրդի նիստը գլխաւորեց, որը հաստատեց ղեկավար աշխատակազմի զինուորական ծրագիրը: Ան հաստատեց, թէ օդային զարկերը կրնան ժամանակաւոր դադրեցնել ահաբեկչական խմբաւորումներուն շարժումը բայց զիրենք չեն ոչնչացներ, հետեւաբար անհրաժեշտ է ցամաքային միջամտութիւն , «Այս կէտին մէջ ես կը վստահիմ իրանցիներուն, գնդապետ Սուլէյմանիի եւ իր պարտաւորութիւններուն, ան ինծի խոստացած է, որ իրենց ներկայութիւնը հիմնական պիտի ըլլայ սուրիական ոււժերու կողքին, որոնք ցամաքային յարձակումները պիտի ստանձնեն»:
Փութին տեղեկացուց, թէ բոլոր գործողութիւնները պիտի ղեկավարուին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ, Մոսկուայէն, կապ հաստատելով սուրիական գործողութեան «սենեակին» եւ ռուսականին միջեւ, ռուսական, զինուորական արբանեակներով: Սուրիոյ մէջ գտնուող ռուսական ուժերը իրենց հրամանը կ'առնեն սուրիական «գործողութեան սենեակէն», ուր համադրումը կը կատարեն Սուրիացի, Ռուս, իրանցի եւ Հըզպալլաի պատասխանատու զօրավարներ:
Գործողութիւններու այլ սենեակ մը կայ նաեւ Պաղտատի մէջ, որուն պարտականութիւնն է ահաբեկչական խմբաւորումներու մասին տեղեկութիւններ փոխանակել Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Ներկայիս չորս հազար ռուս զինուոր, եւ մասնագէտներ կան Սուրիոյ հողին վրայ (հազար գոմանտոս պաշտպանելու ռուսական կեդրոնը) այս թիւը ըստ պահանջի կրնայ աւելնալ, բայց անոնք չեմ մասնակցիր ցամաքային գործողութիւններու:
Այս ընթացքին, ռուսերը իրանցիներուն եւ Սուրիացիներուն հետ միատեղ ընդարձակեցին Լաթաքիոյ օդանաւակայանը, զայն վերածելով Միջին Արեւելքի մեծագոյն օդային կեդրոնին, 7 հազար անհատ պարփակելու համար: Նաեւ օդանաւերու թռիչքի բաժինները ընդարձակուեցան, որպէսզի 8 օդանաւ միատեղ թռչին, այս կը նշանակէ թէ, 3 վայրկեանի մէջ մէկ օդանաը կրնայ թռիչք կատարել եւ 35 երվայրկեանէն կ'ըլլայ հսկայ բարձրութեան վրայ, իսկ օդային պաշտպանութիւնը կը կատարուի «Սամիրթաշ 4» արդիական հրթիռներով:
Ըստ թերթին, ռուսները ներկայ հանգրուանը օդային գործողութիւններ գործադրելու շրջան կը համարեն, որոնք պիտի սաստկանան յաջորդ երկու ամիսներու ընթացքին, որպէսզի Սուրիոյ հողին վրայ, էական բարեփոխում կատարեն զինուորական ուժերու կշիռքին վրայ, այս մէկը զօրքին, իրանեան «Յեղափոխութեան բանակ»ին, Հըզպալլային եւ կարգ մը իրաքեան խումբերու պատասխանատուութիւնն է: Նախապատուութիւնը պիտի տրուի տիրապետել Իտլիպի գիւղական շրջանին ամբողջութեամբ, Ալ Ղապի տափաստանի մէջ Սուրիական ուժերու արեւելեան թեւին թիկունք կանգնելով, դէպի Ժըսըր Ալ Շուղուր յառաջացումը դիւրացնելով, զայն վերադարձնելու եւ անկէ ետք մայրաքաղաք Դամասկոսը ապահովելով եւ տիրապետելով բոլոր ռազմավարական ճամբաներուն ներառեալ Պէյրութի ճամբան եւ Սուրիական զօրքին մնացեալ մատակարարման գլխաւոր գիծերը: